ԱՇԽԱՐՀԻ ՄԷՋ 760 ՄԻԼԻՈՆ ԱՂՔԱՏ ԿԱՅ
Այսօր աշխարհի մէջ շուրջ 760 միլիոն մարդ կ՚ապրի աղքատութեան մէջ՝ ունենալով օրական 1.9 տոլարի եկամուտ: Այդ մասին ըսուած է ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի նոր զեկոյցին մէջ:
«Վերջին տասն տարուան ընթացքին աւելի քան 1 միլիառ մարդ կրցած է դուրս գալ աղքատութենէն: Սակայն շուրջ 760 միլիոնը դեռ կը շարունակէ ապրիլ աղքատութեան մէջ՝ օրական 1.9 տոլարով», ըսուած է զեկոյցին մէջ:
ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի նոր զեկոյցին մէջ կը նշուի, որ 2000- 2015 թուականներու ընթացքին կարելի եղած է 37 տոկոսով նուազեցնել մայրական մահացութեան մակարդակը, 44 տոկոսով՝ մինչեւ հինգ տարեկան երախաներու մահացութեան մակարդակը: ՄԱԿ-ի մէջ յանգած են այն եզրակացութեան, որ զարգացման ոլորտին մէջ յաջողութիւններէն ստացուած բարիքները անհաւասար կը բաշ-խըւին ինչպէս երկիրներու, այնպէս ալ գիւղական եւ քաղաքային բնակիչներու, տղամարդոց եւ կանանց միջեւ: