ԱՇԽՈՅԺ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու (ԱՄԷ) Արտաքին գործոց եւ միջազգային համագործակցութեան նախարար Ապտուլլահ Պին Զայիտ Էլ Նահեան երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ։ Էլ Նահեան օրուան տեւողութեան այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը եւ ընդունուեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի կողմէ։ Արաբական աշխարհի կարեւոր դերակատարներէն Էմիրութիւններուն կողմէ նախարարի մակարդակով Երեւան կատարուած այցելութիւնը զուգադիպեցաւ՝ Արաբական ծոցի վերջին հրատապ իրադարձութիւններուն, մասնաւորապէս Քաթարի ճգնաժամի մթնոլորտին մէջ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ողջունելով հիւր նախարարը՝ Սերժ Սարգսեան բարձր գնահատեց ԱՄԷ-ի հետ Հայաստանի աշխոյժ զարգացող յարաբերութիւնները։ Էլ Նահեանի այցը այս ամբողջին մէջ ան դիտարկեց որպէս կարեւոր խթան՝ այդ յարաբերութիւնները յառաջ մղելու համար։ Սարգսեանի խօսքերով, Հայաստան թանկ կը գնահատէ երկու բարեկամ պետութիւններուն միջեւ ձեռք բերուած համագործակցութիւնը։ Ան գոհունակութեամբ արձանագրեց, որ երկկողմանի յարաբերութիւնները օր օրի կը զարգանան ու կ՚ամրապնդուին։ Սարգսեան ջերմութեամբ վերյիշեց անցեալ գարնան ԱՄԷ կատարած իր այցելութիւնը, որ որակական նոր լիցք մը հաղորդեց երկկողմանի յարաբերութիւններուն։ Ան յոյս յայտնեց, որ հիւր նախարարին այցելութիւնը պիտի հարստացնէ երկկողմանի համագործակցութեան օրակարգը նոր բովանդակութեամբ։   

Չորեքշաբթի, Յուլիս 19, 2017