ԿԻՊՐՈՍԻ ՀԱՄԱՐ ՈՐՈՆՈՒՄՆԵՐ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու այցելութիւն մը տուաւ Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութիւն։ Երէկ երեկոյեան, Լեւքոշայի մէջ ան տեսակցեցաւ Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութեան նախագահ Մուսթաֆա Աքընճըի, կառավարութեան եւ քաղաքական կուսակցութիւններու ղեկավարներուն հետ։ Իր ծաւալած քննարկումները յաջորդեցին Զուիցերիոյ մէջ Կիպրոսի հիմնախնդրի կարգաւորման ուղղեալ վերջին բանակցութիւններու ձախողման։ Ներկայ իրավիճակին մէջ կիպրական հիմնախնդրի պարագային Թուրքիա կը ձգտի նոր քաղաքականութիւն մը որդեգրել։ Միջերկրականի արեւելքին Յունական Կիպրոս այս շրջանին թափ տուած է բնական կազի արտահանման գործունէութեան։ Թուրքիոյ կողմէ նախատեսուած նոր քաղաքականութեան նպատակներէն մին է նաեւ հակադարձել Յունական Կիպրոսի այդ նախաձեռնութիւններուն։

Մեւլիւտ Չավուշօղլու ներկայ ուղեւորութեան կապակցութեամբ յայտնեց, որ Կիպրոսի պարագային այսուհետեւ նոր գործընթացներ պիտի սկսին։ Կացութիւնը ներկայ ձեւով չի կրնար շարունակուիլ։ Նախարարը ընդգծեց, որ պէտք է դադրեցուին նաեւ Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութեան դէմ շրջափակումները։ Ըստ իրեն, յունական կողմը միակողմանիօրէն բնական կազի որոնումներ կ՚ընէ կղզիի հիւսիսին եւ սա ճիշդ բան մը չէ։ Արդարեւ, բնական կազի այդ պաշարներուն մէջ Կիպրոսի թուրք ժողովուրդն ալ ունի իր բաժինը։

Միւս կողմէ, Յունաստանի Արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Քոսիասն ալ այցելեց Յունական Կիպրոս, ուր հանդիպումներ ունեցաւ ղեկավարութեան եւ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։ Ան յայտնեց, որ եթէ ձեռնտու պայմաններ ստեղծուին, եթէ Թուրքիան ու Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութիւնը անվտանգութեան երաշխիքներէ հրաժարելու ուղղութեամբ քայլեր առնեն, ապա թէ՛ Յունաստան եւ թէ Յունական Կիպրոս պատրաստակամ են բանակցութիւնները շարունակելու՝ իրենց մնացած տեղէն։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 19, 2017