ՀԱՅԱՍՏԱՆՑԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆԸ
Թայլանտի Նախոմ-Պատոմ քաղաքին մէջ, Յուլիսի 6-15 թուականներուն միջեւ կայացած 2016-2017 ուսումնական տարուան «տարրաբանութիւն» նիւթի դպրոցականներու միջազգային մրցոյթին Հայաստանի խումբը մասնակցած է յաջողութեամբ՝ շահելով երկու պրոնզէ մետայլ եւ մէկ գովասանագիր: Ըստ Հայաստանի Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան հասարակութեան հետ կապերու եւ տեղեկատուութեան վարչութեան, մետայլներու արժանացած են Վանաձորի ուսողութեան եւ բնագիտական առարկաներու խորացուած ուսուցմամբ յատուկ դպրոցի 12-րդ դասարանի աշակերտներ Համլէթ Խաչատրեան եւ Սպարտակ Սաղեան, իսկ գովասանագրի՝ Երեւանի թիւ 184 աւագ դպրոցի 12-րդ դասարանի աշակերտուհի Սուսաննա Կիրակոսեան: Հայաստանի հաւաքականը ղեկավարած են Երեւանի Պետական բարձրագոյն համալսարաններու ներկայացուցիչներ Անդրանիկ Դաւինեան եւ Հրաչեայ Խաչատրեան:
Միւս կողմէ, «տարրաբանութիւն» առարկայի դպրոցականներու միջազգային մրցոյթը այս ուսումնական տարուան առաջին մրցոյթն էր: Յաջորդ մրցոյթը կ՚իրականացուի «ուսողութիւն» առարկայէն, Յուլիսի 12-23 թուականներուն միջեւ, Պրազիլի Ռիօ տէ Ժանէյրօ քաղաքին մէջ: