ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ. «ՄԵԾ ՊԱՏԻՒ Է ԳԻՏԱԿՑԻԼ, ԹԷ ԱՄԲՈՂՋ ՀԱՅ ԱԶԳԸ ԻՆԾԻ ՀԵՏ Է»

Հայկական ֆութպոլի արդի մեծ աստղը՝ Հենրիխ Մխիթարեան հարցազրոյց մը տուաւ Marca միջազգային յայտնի պարբերականին։ «Մենչըսթըր Եունայթըտ»ի կիսապաշտպանը այս առթիւ ըսաւ. «Մեծ պատիւ է գիտակցիլ, որ ամբողջ հայ ազգը ինծի հետ է»։ Իր խօսքերով, սա մեծ պատիւ մը ըլլալու առընթեր պատասխանատուութիւն մըն է։ Որովհետեւ միշտ լաւ ելոյթ պէտք է ունենալ՝ անոնց ոգին բարձր պահելու համար։ «Իւրայատուկ զգացում է տեսնել, թէ մարդիկ ինչպէս կը հպարտանան քեզմով, սակայն երբ դաշտ կը մտնեմ, կը կեդրոնանամ միայն խաղի վրայ», ըսաւ Մխիթարեան։

Հարցազրոյցի տեւողութեան Հենրիխ Մխիթարեան բացատարած է, որ ամէն օր կը շարունակէ սորվիլ եւ սահմանափակումներ չկան յառաջ դիմելու համար։ Ինչպէս միշտ, ան կը շարունակէ աշխատիլ ջանասիրաբար։

Marca-ին տուած հարցազրոյցին մէջ Հենրիխ Մխիթարեան նշած է նաեւ, որ կը մտածէ եւ կը փափաքի ապագային հայ երախաներուն սորվեցնել իր ֆութպոլի փիլիսոփայութիւնը։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 19, 2017