ՏՔԹ. ՄԱՏԷԼԵԱՆԻՆ ՊԱՐԳԵՒ
Գոնկրեսական Պրէտ Շըրմըն, Շըրմըն Օքսի իր գրասենեակին մէջ կայացած հանդիպման ընթացքին, գնահատագիր յանձնած է Տքթ. Վերժին Մատէլեանին, գնահատելու համար անոր համայնքային կամաւոր սպասարկութիւններն ու բարեգործական ջանքերը:
Ըստ Միացեալ Նահանգներու «Ասպարէզ» օրաթերթին, գոնկրեսականը լուսարձակի տակ առած է յատկապէս 2003 թուականէն ի վեր Մատէլեանի տարած ջանքերը՝ ի նպաստ Հայկական ոսկրածուծի նուիրատուներու հիմնարկին (ABMDR)։
Բաց աստի, Տքթ. Վերժին Մատէլեան Մասաչուսեցի համալսարանին մէջ մասնագիտացած է եւ տոքթորի կոչումը ստանալէ ետք՝ նուիրուած է գիտական ուսումնասիրութեանց։ Վերջին տասնչորս տարիներուն, ան նաեւ բջիջներու կենսաբանութիւն եւ մանրակենսաբանութիւն դասաւանդած է Գալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղին մէջ: Հեղինակած է շարք մը գիտական հատորներու հատուածներ, ինչպէս նաեւ՝ աւելի քան երեք հարիւր գիտական յօդուածներ։
Յատկանշական է նաեւ, որ Նիւ Եորք ապրած տարիներուն, Տքթ. Վերժին Մատէլեան հայերէն եւ հայ մշակոյթ դասաւանդած է հայ պատանիներու, իսկ Լոս Անճելըս հաստատուելէ ետք՝ կամաւոր սպասարկութիւններ տրամադրած է «Երկիր» կազմակերպութեան, որուն նպատակն է նպաստել Հայաստանին եւ Արցախի սահմանային շրջանները բնակողներուն։
Այս առիթով, Հայկական ոսկրածուծի նուիրատուներու հիմնարկի տնօրէն Տքթ. Ֆրիտա Ճորտըն շնորհաւորած է Մատէլեանը, միաժամանակ դրուատելով անոր նուիրումը: