«ԱԼ ՆԱՍԻՊ»Ի ԱՆՑՔԸ ԵՒ ՌՈՒՍ-ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Սուրիոյ ընդդիմութեան մօտիկ համարուող «Ալ Մարսատ ալ սուրի» կայքէջը օրեր առաջ տեղեկութիւն կը փոխանցէր այն մասին, որ մասնաւորապէս Ալ Հարա գիւղաքաղաքին մէջ Սուրիոյ բանակին պատկանող ուղղաթիռներ թռուցիկներ կը նետէին, պահանջելով այդ շրջանին մէջ գտնուող զինեալներէն արագօրէն վար դնել իրենց զէնքերը եւ յանձնուիլ այդ շրջան հասնող բանակի ստորաբաժանումներուն։

Վերջին շաբաթներուն ընթացքին Տերայի շուրջ տեղի ունեցած խօսակցութիւնները, ենթադրութիւններն ու ընդդիմութեան ուժեղ դիմադրութեան վերաբերեալ շրջանառութեան մէջ դրուած տեղեկութիւնները յօդս կը ցնդէին, սկսեալ այն պահէն, երբ շրջանին մօտ գտնուող ամերիկացի մէկէ աւելի զինուորական պատասխանատուներ կը յայտարարէին, որ Միացեալ Նահանգներ յետայսու «գործ չունի» Տերայի զինեալներուն հետ։

Այս բոլորէն անդին ուշագրաւ հաղորդում մը կատարելով՝ «Ռէօյթըրզ» լրատուական գործակալութիւնը կը յայտնէր, որ Սուրիոյ նախագահ Պեշար Էսատն ու անոր բանակը շատ մօտ են կարեւոր յաղթանակի մը, որ իր մէջ մեծ ներուժ ունի եւ կրնայ մեծ ազդեցութիւններ ունենալ Սուրիոյ տագնապի ամբողջ էութեան վրայ։

Ինչ որ կը կատարուի Սուրիոյ հիւսիսային հատուածներուն ու յատկապէս Տերայի մէջ, գրեթէ անսպասելի էր։

Նախ անոր համար, որ ընդդիմութեան համար խորհրդանշական արժէք ներկայացնող այդ նահանգը կը համարուէր անոր վերջին «բերդ»ը։ Յետոյ յստակ էր նաեւ, որ մէկ տարուան ընթացքին Սուրիոյ տարբեր քաղաքներէն այդ վայրը տեղափոխուած ընդդիմադիրները «երթալու տեղ չունին» ու անոնց վերջին կայանը Տերան էր, հետեւաբար անոնք հեռու էին նահանջ կազմակերպելու կամ այլ շրջաններ գաղթելու ռազմավարութեան մը որդեգրումէն։

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընթերցողներուս հարկ կը համարեմ յիշեցնել, որ դէպի Տերա արմատական խմբաւորումներու վերջին հոսքը տեղի կ՚ունենար այս գարնան, երբ մեծ թիւով իսլամամէտ զինեալներ իրենց ամբողջ «կարողականութեամբ» կը հասնէին Տերա։ Անոնց մեծ մասը Տերա կը հասնէր յատկապէս Դամասկոսի գիւղական շրջաններէն (մասնաւորապէս՝ Արեւելեան Կութայէն), ուր Սուրիոյ բանակը ոչ միայն զինուորական յաղթանակ կ՚արձանագրէր, այլ նաեւ կը ստիպէր այդ զինեալներուն լքել իրենց դիրքերը ու հեռանալ։

Ճիշդ է, որ Սուրիոյ բանակը ռազմական մեծ գործողութիւններ կ՚իրականացնէր «մաքրելու» համար Արեւելեան Կութան ու անոր շրջակայքը իսլամամէտ տարրերէ, սակայն ի յայտ կու գար նոր ռազմավարութիւն մը, որուն շնորհիւ ալ յատկապէս ռուսական հովանաւորութիւնը վայելող մարմիններ բանակցութեան սեղան կը նստէին տեղւոյն զինեալներուն հետ։ Յաճախ գաղտնի ու շատ յաճախ ալ բացայայտ կերպով տարուած այդ բանակցութիւններուն յառաջատարն էր Մոսկուայի կողմէ հովանաւորուող «Ռուսական համաձայնութեան կեդրոն»ը, որուն տարած մեծ ճիգերուն շնորհիւ ալ կարելի կ՚ըլլար տուեալ շրջանները դուրս հանել զինուորական թէժ գործողութիւններու գօտէին եւ այդպէսով ալ մուտք գործել քաղաքական համաձայնութիւններու ընդհանուր շրջան մը։

Յիշեցնեմ նաեւ, որ հաշտեցման այդ մարմինը նոյնպէս աչքառու յաջողութիւններ արձանագրած էր Հոմսի եւ Համայի մէջ եւս։

Առանց ամպագոռգոռ յայտարարութիւններ կատարելու, այդ մարմինը կը փորձէր հանրութիւնը համոզել, թէ իրենք եւս մաս կը կազմեն սուրիական հայրենիքին ու այդ առումով ալ շատ բնական է, որ ընթացք առած էր հաշտեցման ու բանակցութիւններ վարելու նոր փուլ մը, որ կը յատկանշուէր երկրի ամենատարբեր եւ ընդդիմադիր տարրերը քաղաքական գործընթացներուն մէջ ներգրաւել տալու առաջադրանքով։

Յստակ էր նաեւ, որ ռուսական կողմին այդ նախաձեռնութիւնը ուղղուած էր այն տարրերուն, որոնք «եկուոր» տարրեր չէին, այլ բնիկներ էին եւ կու գային Սուրիոյ իշխանութեան դէմ յեղափոխութեան սկսած սիւննի հասարակարգերուն։

Այս բոլորէն անդին այս օրերուն արդէն իսկ յստակ կը դառնայ, որ Սուրիոյ կառավարութիւնը յառաջիկայ օրերուն պիտի կարողանայ իր ամբողջական տիրապետութիւնը տարածել Տերայի ու անոր շրջակայից հատուածներուն վրայ։ Մինչ վերջին շաբաթներուն միջազգային լրահոսը, որ ուշի ուշով կը հետեւէր դէպքերու ընթացքին, ահազանգ կը հնչեցնէր «մարդկային մեծ աղէտ»ի մը մասին, այսօր արդէն իսկ այդ վտանգի մասին խօսակցութիւններ չկան։

Մեծ թիւով սուրիացի քաղաքացիներ, որոնք ռազմական գործողութիւններու թէժացման վտանգին պատճառով հեռացած էին ու հասած՝ մինչեւ Յորդանանի հետ սահմանային հատուածը, այս օրերուն ետ՝ տուն դարձած են, այդպէսով վերջ տալով աւելի վաղ հնչած «մարդ-կային մեծ աղէտի մը ականատեսը պիտի ըլլանք» տեսակէտներուն։ Տերայի դէպքերուն զուգահեռ Սուրիոյ բանակը իրականութիւն կը դարձնէր այլ կարեւոր ձեռքբերում մը, որ կը յատկանշուէր Սուրիա-Յորդանան սահմանային Ալ Նասիպ անցքին ազատագրումով։ Իրականութիւն մը, որ բոլորովին նոր վարկածներու եւ հնարաւորութիւններու դուռ պիտի բանար, նաեւ պիտի ստիպէր Սուրիոյ կառավարութեան հանդէպ բաւական վերապահ ու նոյնիսկ թշնամական վերաբերմունք ունեցող բոլոր կողմերը, որպէսզի վերատեսութեան ենթարկեն իրենց կեցուածքները։

Անշուշտ այս բոլորը կը կատարուէին ռուսական բանակին անմիջական օգնութեամբ ու հովանաւորութեամբ։

Հետաքրքրական է նաեւ, որ մինչ երեք տարիներ Սուրիոյ այդ հատուածը ընդդիմադիր զինեալներու ձեռքը կ՚անցնէր Յորդանանի թագաւորութեան հայեացքներուն ներքոյ, այսօր արդէն նոր իրավիճակ ստեղծուած է։ Ամմանի քաղաքական աւագանին ու յատկապէս Ապտուլլահ Բ. թագաւորը բոլորովին տարբեր հայեացքով կը հետեւին Սուրիոյ զարգացումներուն։

Պէտք է անպայման ընդգծել, որ Նասիպ սահմանային գօտիին ազատագրումը՝ իր մէջ կը ներգրաւէ տնտեսական կարեւոր երեսակ մը։ Այդ ճանապարհին շնորհիւ է, որ ոչ միայն սուրիական շուկաները «շունչ պիտի քաշեն», այլ նաեւ լիբանանցի երկրագործները, որոնք վերջին երեք տարիներուն ընթացքին այդ ճանապարհին փակուած ըլլալուն հետեւանքով կրեցին տնտեսական մեծ վնասներ։

Լիբանանցիք, որոնց գիւղատնտեսական արտադրութիւնը (յատկապէս միրգ եւ բանջարեղէն) «սպասուած» արտադրութիւն է Արաբական ծոցի տէրութեանց համար, ստիպուած էին օգտագործել Լիբանանի նաւահանգիստները. այս անգամ ծովային բաւական թանկ ճանապարհով իրենց արտադրութիւնը հասցնել՝ Ռիատ, Քուէյթ, Պահրէյն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, նոյնիսկ Քաթար։

Ահա այս տուեալներու առկայութեամբ է, որ Ալ Նասիպի սահմանագիծը կ՚առանձնանայ ու կը դառնայ ոչ միայն ապահովական-ռազմական արժէք եւ յատկանիշ ունեցող սահմանային հատուած, այլ ան կը դառնայ տնտեսական կարեւոր գործօն մը ոչ միայն Սուրիոյ, այլ՝ նոյնիսկ Լիբանանի համար։

Միւս կողմէ, մինչեւ այս յօդուածին գրի առնուիլը, տակաւին տեղի չէր ունեցած Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ Հելսինքիի հանդիպումը։ Մէկէ աւելի վերլուծաբաններ, որոնք մօտէն կը հետեւին երկու գերտէրութեանց ղեկավարներուն տեսակցութեան՝ կը նշեն, որ հանդիպման հիմնական օրակարգը յատկացուած պիտի ըլլայ սուրիական տագնապին։ ճիշդ է, որ երկու առաջնորդներուն համար նաեւ առանձնակի նշանակութիւն ունի Իրանի, Ուքրայնոյ, Պաղեստին-Իսրայէլ հիմնահարցերը։ Բայց եւ այնպէս, յստակ սկսած է դառնալ, որ յատկապէս նախագահ Թրամփի վարչակազմը մեծ յոյսեր ունի, որ Սուրիոյ մէջ այսօր ստեղծուած իրավիճակը լաւագոյնն է նոր մակարդակի հասցնելու վերջին երկու տարիներուն ծայր աստիճան անկում կրած ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւնները։ Այս բոլորէն անդին յստակ է նաեւ, որ հակառակ Մոսկուայի դէմ տնօրինուած տարբեր տեսակի պատժամիջոցներու, «ռուսական արջ»ը շարունակեց իր ուրոյն տեղը ունենալ Միջին Արեւելքի մէջ ու նշանակալի դարձնել իր սկսած ռազմաքաղաքական ուղութիւնները։

Չմոռնանք, որ առանց ռուսական միջամտութեան բաւական բարդ պիտի ըլլար Սուրիոյ իշխանութիւններուն իրավիճակը ու ատկէ զատ երբեք գաղտնիք չէ, որ ռուսական ռազմական ներկայութեան շնորհիւ է, որ Պեշար Էսատի իշխանութիւը ո՛չ միայն յաջողեցաւ իշխանութեան վրայ մնալ, այլ նաեւ արձանագրեց անկանխատեսելի յաղթանակներ. բաժանումի տակ եղող ու բզիկ-բզիկ եղած երկրին վերադարձնել միաւորման ու ամբողջական երկիր մը դառնալու յոյսի առաջին նշոյլը։

Այս առումով ալ առանցքային դարձաւ Սուրիոյ հարաւային հատուածներուն մէջ տեղի ունեցած վերջին դիպաշարը, ուր ընդդիմադիր հազարաւոր զինեալներ, որոնք «երդուած» էին մինչեւ իրենց վերջին կաթիլ արիւնը կռուիլ Էսատին դէմ, մէկ անգամէն անսպասելի շրջադարձ կատարեցին ու տեղի տալով համաձայնութեան սեղան նստան ռուսական կողմին միջոնորդութեամբ եւ «օրհնութեամբ»։ Վերջին դէպքերուն մէջ ալ ամենէն աւելի ուշագրաւ կը դառնար Սուրիա-Յորդանան սահմանային Ալ Նասիպ յայտնի հատուածին ազատագրումը ու երեք տարուան բացակայութենէ ետք այդ շրջանին մէջ սուրիական դրօշին ծածանումը։

Այստեղ նաեւ յստակ է, որ վերջերս արձանագրուած զարգացումները մեծ առաւելութիւն են Մոսկուայի համար ու վստահաբար Քրեմլինի ղեկավարութիւնը մեծապէս կը գիտակցի, որ այսօր իր ձեռքին եղած խաղաքարտերը, որոնց ամենէն ուժեղն ու աչքառուն Ալ Նասիպի անցակէտն է, «աժան» գիներով «ծախուելիք» կամ «փոխ տրուելիք» խաղաքարտ մը չէ, որուն համար ալ Մոսկուա իր գործընկերներուն հետ մեծ ճիգեր գործադրեց։

Ամէն պարագայի Թրամփ-Փութին հանդիպումը «յոյժ կարեւոր» ըլլալու բոլոր նախադրեալները ունի, յատկապէս Սուրիոյ համար, որ անցնող եօթ տարիներուն համարուեցաւ երկու գերտէրութիւնները յուզող գլխաւոր թղթածրար։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

 Երեւան

Հինգշաբթի, Յուլիս 19, 2018