ՄՈՍԿՈՒԱՅԷՆ ԽՐԱԽՈՅՍ

Մոսկուա կ՚ողջունէ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման վերաբերեալ հակամարտ կողմերու միջեւ ամէն տեսակ շինիչ շփում։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա երէկ անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ Ան հակամարտութեան մասին խօսեցաւ՝ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի միջեւ վերջերս Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած տեսակցութեան լոյսին տակ։ Ռուս բանբերը շեշտեց, որ իր երկիրը չի մեկնաբաներ երկկողմանի հանդիպումները, որոնք տեղի կ՚ունենան առանց ռուսական կողմի մասնակցութեան։ Բայց եւ այնպէս, հաշուի առնելով, որ Ռուսաստան եւս կապ ունի այս նիւթին հետ եւ ներգրաւուած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակին մէջ՝ Զախարովա նշեց. «Որեւէ կառուցողական շփում, լոր կողմերը կը նախաձեռնեն, պէտք է ծառայէ ընդհանուր նպատակին եւ հակամարտութեան կարգաւորման։ Մենք կ՚ողջունենք այդ ամէնը, ինչ որ կողմերը կը գնահատեն որպէս քայլ՝ ուղղուած ամբողջական կարգաւորման կամ թէկուզ երկխօսութեան շարունակութեան»։

Իր կարգին, Պաքուի մօտ Ռուսաստանի դեսպան Միխայիլ Պոչարնիքովն ալ տեղեկացուց, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յառաջիկային պիտի այցելէ Մոսկուա եւ այս այցելութեան նախապատրաստութիւնները արդէն սկսած են։ Ըստ ռուս դեսպանի փոխանցած բացատրութիւններուն, պիտի քննարկուին երկու երկիրներու յարաբերութիւններու հրատապ հարցերը եւ համապատասխան փաստաթուղթերը։ «Հակառակ ամրան եղանակին, մենք լարուած աշխատանք կը կատարենք», ըսաւ Պոչարնիքով, որ ներկայիս կը գտնուի Մոսկուայի մէջ եւ այնտեղ հարցազրոյց մը տուաւ Ատրպէյճանի APA գործակալութեան։ «Առաջին տպաւորութեամբ՝ ռուս-ատրպէյճանական յարաբերութիւնները բարձր մակարդակի վրայ են, տնտեսական համագործակցութիւնը կը զարգանայ, երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ շատ հարցեր կան։ Շատ կարեւոր են գործընկերներու եւ տնտեսական բաժնի նախարարներու հանդիպումները», ըսաւ Պոչարնիքով։ Բաց աստի, երկկողմանի յարաբերութիւններու քաղաքական երեսակն ալ շատ լաւ կը զարգանայ։ Ամէն ինչ յենուած է երկու երկիրներու նախագահներու անձնական ու փոխադարձ վստահելի յարաբերութիւններուն վրայ։ Սա կը տարածուի նաեւ մեծ քաղաքական յարաբերութիւններու բոլոր մակարդակներուն վրայ։ Ուստի, ռուս դեսպանը լաւատեսութիւն յայտնեց Պաքու-Մոսկուա յարաբերութիւններու ապագային կապակցութեամբ։

Մինչ այդ, Ստեփանակերտի մէջ երէկ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան աշխատանքային խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ Արցախի Պաշտ-պանութեան բանակի բարձրագոյն հրամանատարական կազմին հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, քննարկուեցան բանակաշինութեան, զինեալ ուժերու առջեւ դրուած շարք մը առաջադրանքներու կատարման վերաբերեալ հարցեր։ Ամփոփուեցան վերջին շրջանին Արցախ-Ատրպէյճան շփման գծին վրայ կատարուած այցելութիւնները, առաջնագծի ամրապնդման, զինուորներու ծառայութեան պայմաններու բարելաւման ուղղութեամբ կատարուող աշխատանքներու ընթացքը։ Արցախի Պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեան հանդէս եկաւ համապատասխան զեկուցումներով։ Բակօ Սահակեան ընդգծեց, որ բանակաշինութիւնը, Պաշտպանութեան բանակի մարտունակութեան հետեւողական բարձրացումը եղած են եւ կը մնան պետութեան կարեւորագոյն խնդիրներու շարքին՝ յստակ յանձնարարականներ տալով քննարկուած հարցերու պատշաճ լուծման ուղղութեամբ։

Երէկ, Երեւանի ղեկավարութիւնն ալ հիւրընկալեց Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան խումբի նախագահ Ֆրանսուա Ռոշպլուանը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Ռոշպլուան օրուան տեւողութեան հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։ Ան Ֆրանսայի նախկին երեսփոխաններէն է։ Հանդիպման ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան Ֆրանսուա Ռոշպլուանին յանձնեց Հայաստանի Հանրապետութեան անձնագիր։ Զրոյցի տեւողութեան Փաշինեան բարձր գնահատեց Ռոշպլուանի դերակատարութիւնը հայ-ֆրանսական կապերու ամրապնդման ուղղութեամբ։ Ֆրանսացի գործիչը զրոյցի տեւողութեան վարչապետի նկատառման յանձնած է, որ այսօր կ՚այցելէ Արցախ։

Միւս կողմէ, Երեւանի ղեկավարութիւնը զանազան հարթութիւններու վրայ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը կը դարձնէ ուշադրութեան առարկայ։ Երէկ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս հիւրընկալուեցան նախկին Խորհրդային Միութեան երկիրներու լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները։ Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Ռուբէն Ռուբինեան, Վարչապետի խորհրդական Արսէն Խառատեան եւ Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Տիգրան Բալայեան զրուցեցին Ռուսաստանէն, Ուքրայնայէն, Վրաստանէն, Ղազախիստանէն, Սպիտակ Ռուսիայէն, Խրղըզիստանէն եւ Մոլտաւիայէն Երեւան մեկնած շուրջ երկու տասնեակ մամլոյ սպասաւորներու հետ։ Հանդիպման ընթացքին ատենախօսները ներկայացուցին Երեւանի արտաքին քաղաքական առաջնահերթութիւնները եւ հիմնական ուղղութիւնները, անդրադարձան նաեւ նոր կառավարութեան ծրագրէն ներս գոյութիւն ունեցող դիւանագիտական դրութիւններուն։ Ռուբէն Ռուբինեան, Արսէն Խառատեան եւ Տիգրան Բալայեան պատասխանեցին օտար լրագրողներու բազմաթիւ հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին տարածքաշրջանային եւ միջազգային հրատապ խնդիրներու վերաբերեալ Երեւանի մօտեցումներուն, մասնաւորապէս Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ գործադրուող ջանքերուն, երկկողմանի եւ բազմակողմանի ձեւաչափերու մէջ Հայաստանի վարած արտաքին քաղաքականութեան։

Հինգշաբթի, Յուլիս 19, 2018