Ուրբաթ 27, Դեկտեմբեր 2024
«Ս-400» ՀՐԹԻՌԱՅԻՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԵՐՈՒ ՅԱՆՁՆՄԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ ԾՐԱԳՐՈՒԱԾ ՀՈՒՆԻՆ ՄԷՋ
Ազգային պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները հերթական յայտարարութիւնով հանդէս եկան «Ս-400» ռուսական հակաօդային պաշտպանութեան հրթիռային համակարգերու Թուրքիա տեղափոխման գործընթացին կապակցութեամբ։ Այսպէս, նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ «Ս-400»ներու յանձնումը կը շարունակուի նախապէս ծրագրաւորուած ձեւով։
Միւս կողմէ, նոյն ամբողջին մէջ Թուրքիոյ օրակարգը զբաղեցնել կը շարունակէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դիրքորոշումը։ Ուաշինկթընէն թէեւ որոշ չափով հակասական լուրեր կը հասնին, սակայն կարգ մը աղբիւրներ պնդեցին, որ նախագահ Տանըլտ Թրամփն ալ առաջին անգամ ակնարկած է Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ սահմանելու խնդրին։
Ուրբաթ, Յուլիս 19, 2019