ԿԱՂՆԻ ՄԸ ՏԱՊԱԼԱԾ

Խոր ցաւով տեղեկացանք, որ Փարիզի մէջ իր մահկանացուն կնքած է ֆրանսահայ յայտնի ազգային գործիչ ու բարերար Ռոժէ-Կարպիս Ջրբաշեան՝ 94 տարեկան հասակին։ «Նոր Յառաջ»ի հաղորդումներով, յուլիսի 17-ին պատահած է իր մահը։

Ռոժէ-Կարպիս Ջրբաշեան ծնած էր 1925 թուականին։ Վանեցի ընտանիքի մը յարկին տակ մեծցած էր։ Ան միշտ վառ պահած էր այդ արմատները ու նոյնիսկ ապրած էր անոնցմով։ Թունդ հայրենասէր մը, ազգասէր մըն էր՝ միշտ օժանդակած ըլլալով ֆրանսահայութեան եւ Հայաստանին։ Կարպիս Ջրբաշեան երիցագոյն անդամն էր Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Փարիզի Կրօնական ընկերակցութեան։ Երկար տարիներ ստանձնած էր զանազան պաշտօններ։ Ան հանդիսացած էր նաեւ եկեղեցւոյ Պատգամաւորական ժողովի առաջին նախագահը։ Ինքն էր նուիրատուն Խալաթեանի ստեղծագործած եռափեղկ որմնային քանդակին, որ զետեղուած է Փարիզի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ առաջնորդանիստ մայր տաճարի բակի պատերէն մէկուն վրայ։ Տքթ. Սերժ Սիմոնեանի հետ՝ նոյնպէս ինքն էր, որ նախաձեռնած էր Ալֆորվիլի Ս. Մեսրոպ վարժարանի կառուցման, 1978 թուականին։ Եղած էր նաեւ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի զանգակներու նուիրատուն։

Կարպիս Ջրբաշեան երկար տասնամեակներ հանդիսացած էր Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) կարեւորագոյն անդամներէն։ 1995 թուականին գումարուած Ազգային-եկեղեցական ժողովին ժամանակ մաս կազմած էր Փարիզէն մեկնած պատուիրակութեան ու մասնակցութիւն բերած՝ երանաշնորհ Տ.Տ. Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ընտրութեան։

Արհեստական կեանքի մէջ վաճառական մըն էր։ Կը զբաղէր չոր միրգերու Ֆրանսա ներածումով եւ վաճառքով։ 1947 թուականին հիմնած էր «Comptoir Commercial d’Orient» ընկերութիւնը, որու միջոցաւ յառաջ կը տանէր իր վաճառականութիւնը։ Ֆրանսական շուկայէն ներս հանրախանութներու մեծագոյն ցանցերուն կողմէ կը վաճառուէր իր արտադրանքը։ Կ՚աշխատակցէր նաեւ ֆրանսահայ մամուլին՝ յօդուածներ ստորագրած էր յատկապէս «Յառաջ»ին, իսկ վերջին շրջանին նաեւ «Նոր Յառաջ»ի մէջ։

Ռոժէ-Կարպիս Ջրբաշեան նաեւ տիպար ընտանեկան հայր մըն էր։ Ունէր երեք զաւակ եւ եօթ թոռ։ Ամուսնացած էր յայտնի արուեստագիտուհի Լիզեթթա Ջրբաշեանի հետ։

Յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ չորեքշաբթի, 24 յուլիսին, Փարիզի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ Մայր տաճարին մէջ։

Այս տխուր առթիւ ցաւակցութիւն կը յայտնենք Ռոժէ-Կարպիս Ջրբաշեանի այրիին՝ Լիզեթթա Ջրբաշեանին եւ համայն ընտանիքին։

Ուրբաթ, Յուլիս 19, 2019