ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ ՀԱՒԱՔ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ Ուաշինկթընի մէջ մասնակցեցաւ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Պետական քարտուղարութեան կողմէ կազմակերպուած «Կրօնական ազատութեան հարցերով նախարարական համաժողովին»։ Արդէն երկրորդ անգամն է, որ Հայաստան կը մասնակցի ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած այս հաւաքին։
Զօհրապ Մնացականեան համաժողովի ընթացքին ունեցած ելոյթին ժամանակ ընդգծեց, որ կրօնը ինքնութեան արտայայտման եւ պաշտպանութեան միջոց մըն է։ Հայոց պատմութիւնը այս ուղղութեամբ խօսուն վկայութիւն մըն է։ «Բոլոր կրօններու հանդէպ հանդուրժողութիւնը եւ յարգանքը, քրիստոնէական ժառանգութիւնը, միասին ապրելու եւ այլ հաւատքներու հետ գոյակցելու երկարատեւ պատմութիւնը մեր ազգի փորձառութեան մաս կը կազմեն», ըսաւ Մնացականեան եւ ընդգծեց, որ Հայաստան ապաստան դարձած է կրօնական շարք մը խոցելի փոքրամասնութիւններու համար։ Նախարարը յիշեցուց եզիտիներու եւ ասորիներու օրինակը եւ շեշտեց, որ եզիտիները այսօր Հայաստանի զօրեղ փոքրամասնութիւններէն կը հանդիսանան եւ Հայաստան շատ հպարտ է, որ այս հինաւուրց ժողովուրդը Հայաստանի մէջ պիտի բանայ իր ամենամեծ տաճարը։ «Աշխարհի հնագոյն քրիստոնէական եկեղեցիներու եւ Երեւանի հիասքանչ Կապոյտ մզկիթի հետ ան պիտի խորհրդանշէ հաւատքի եւ հանդուրժողականութեան գեղեցկութիւնը», ըսաւ նախարարը։
Ելոյթի տեւողութեան Մնացականեան կանգ առաւ Մերձաւոր Արեւելքէ ներս առկայ վայրագութիւններուն վրայ՝ յատկապէս անդրադառնալով եզիտիներու եւ քրիստոնեաներու դէմ կատարուած հալածանքներուն։ «Հայաստան պատրաստակամ է համագործակցելու շահագրգիռ բոլոր կողմերու հետ, որպէսզի վերստին յառնի Մերձաւոր Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու պատմական ներկայութիւնը անոնց կեանքի, համայնքներու եւ եկեղեցիներու վերականգնման միջոցաւ։ Հայ ժողովուրդը պատմականօրէն նշանակալի ներդրում ունեցած է Մերձաւոր Արեւելքի մէջ երկիրներու եւ հասարակութիւններու բազմազանութեան, ներդաշնակութեան եւ զարգացման։ Այս համաժողովը գերազանց հարթակ կ՚ընձեռէ այս ուղղութեամբ գործընկերութիւններու նախաձեռնելու համար», ըսաւ ան։
ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Միւս կողմէ, Ուաշինկթընի մէջ Զօհրապ Մնացականեան հանդիպում մըն ալ ունեցաւ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարի Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ հարցերով տեղակալի պաշտօնակատար Ֆիլիփ Ռիքերի հետ։ Հանդիպման ընթացքին կարծիքներ փոխանակուեցան միջազգային եւ տարածքաշրջանային բնոյթով հարցերու շուրջ։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացին։