«Լաւաշի Փառատօն»՝ Խոր Վիրապի Մէջ
Խոր Վիրապի մէջ Օգոստոս 23-ին պիտի իրականացուի «Լաւաշի փառատօն», որու ընթացքին՝ հացթուխները պիտի ցուցադրեն լաւաշի պատրաստման ընթացքը, պիտի սորվեցնեն թխման ճիշդ ձեւը, պիտի կազմակերպուի լաւաշի եւ աւանդական հաց ու պանիրի, ինչպէս նաեւ ժենգեալով հացի հիւրասիրութիւն:
Փառատօնը կազմակերպող ընկերութեան ներկայացուցիչը յայտնած է, որ նման փառատօն մը Հայաստանի մէջ պիտի իրականացուի երկրորդ անգամ, առաջինը եղած է Կիւմրիի մէջ, բայց ոչ նման ձեւաչափով: Ըստ կազմակերպութեան ներկայացուցիչին՝ մասնակցութեան յայտ ներկայացուցած են շարք մը զբօսաշրջային ընկերութիւններ՝ իրենց օտարերկրեայ՝ օտարերկրացի կամ հայ զբօսաշրջիկ յաճախորդներու ներկայութեամբ, նաեւ Հայաստանի քաղաքացիներ: