Ֆրեզնոյի «Հայկական Տուն» Ծերանոցին Մէջ Խաղողօրհնէք
Ֆրեզնոյի հայկական գաղութին մէջ, աւանդութիւն դարձած է Աստուածամօր Վերափոխման տօնն ու խաղողօրհնէքի արարողութիւնը երկու անգամով կատարել՝ հերթական կարգով, «Հայկական Տուն» ծերանոցի ընդարձակ պարտէզին մէջ, Ս. Երրորդութիւն եւ Ս. Պօղոս եկեղեցիներուն կողմէ: Առաջինը տեղի կ՚ունենայ Օգոստոս 15-ի տօնը կանխող Կիրակին, իսկ երկրորդը՝ Օգոստոս 15-ին: Այս մասին կը յայտնէ Սարգիս Փանոսեան։
Քոյր բոլոր եկեղեցիներուն կողմէ, առանց թուականի փոփոխութեան, Վերափոխման տօնը կը տօնուի Օգոստոս 15-ին, իսկ մենք՝ հայերս, Օգոստոս 12-18 զուգադիպող Կիրակին: Ինչ կը վերաբերի Վերափոխման գաղափարին, կ՚ըսեն, թէ հին ժամանակներէն կար Վերափոխման գաղափարը, սակայն որպէս վարդապետութիւն ընդունուիլը 9-րդ եւ 12-րդ դարուն կատարուեցաւ եւ տօնը կոչուեցաւ Վերափոխում:
Այս տարուան Ս. Երրորդութիւն եկեղեցիին կազմակերպած տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Օգոստոս 9-ին։ Պատարագը մատոյց հոգեւոր հովիւ Տ. Վահան Քհնյ. Կոստանեան, որ հաւատացեալներուն իր սրտի խօսքը փոխանցեց, ապա տեղի ունեցան Խաղողօրհնէքի արարողութիւնն ու Անդաստանը՝ մասնակցութեամբ Տ. Հրանդ Սրապեանի եւ Տ. Վարդան Գասպարեանի:
Արարողութենէն ետք, հաւատացեալները օրհնուած խաղողը առնելով՝ տեղաւորուեցան սեղաններուն շուրջ եւ սկսան ճաշակելու եկեղեցւոյ տիկնանց յանձնախումբին պատրաստած համեղ կերակուրները, իսկ բեմին վրայ բազմած Ռիչըրտ Յակոբեանի նուագախումբը, իր երգերով եւ նուագներով խանդավառեց մթնոլորտը, մինչ երիտասարդ եւ ծեր՝ կը պարէին:
Այս խանդավառ եւ ջերմացած մթնոլորտը շարունակուեցաւ մինչեւ երե-կոյեան. կամաց-կամաց դատարկուեցաւ ծերանոցի ընդարձակ պարտէզը։
Հաւատացեալները, որոնք եկած էին Լոս Անճելըսէն, Սան Ֆրանսիսքոյէն եւ Ֆրեզնոյի զանազան արուարձաններէն, գոհունակ սրտով մեկնեցան իրենց տուները: