​ՉԻՆԱՍՏԱՆ ՅԱՏԿԱՑՈՒՄ Կ՚ԸՆԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԻՐԱՆ ԵՐԿԱԹՈՒՂԻԻՆ ՀԱՄԱՐ

Հա­յաս­տա­նի Փո­խադ­րու­թեան ու կա­պի նա­խա­րար Գա­գիկ Բեգ­լա­րեան յայ­տա­րա­րեց, որ Չի­նաս­տա­նի նա­խա­գա­հը մի­ջոց­ներ յատ­կա­ցու­ցած է Հա­յաս­տան-Ի­րան եր­կա­թու­ղիի կա­ռուց­ման ծրագ­րին հա­մար։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ զրու­ցե­լու ժա­մա­նակ նա­խա­րա­րը յայտ­նեց, թէ այդ եր­կա­թու­ղին կա­րե­ւոր նշա­նա­կու­թիւն ու­նի չի­նա­կան կող­մին հա­մար։ Ըստ Բեգ­լա­րեա­նի, Չի­նաս­տան շա­հագըր-գըռւած է Մե­տաք­սի ճա­նա­պար­հի վե­րա­կանգ­նու­մով։ Այս պատ­ճա­ռով նման ծրագ­րե­րու մէջ գոր­ծու­նէու­թիւն ծա­ւա­լած չի­նա­կան բազ­մա­թիւ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ շա­հագրգ­ռուա­ծու­թիւն ցոյց կու տան Հա­յաս­տան-Ի­րան եր­կա­թու­ղիի կա­ռուց­ման նա­խագ­ծին մէջ ի­րենց ու­րոյն տե­ղը ու­նե­նա­լու հա­մար։

Իր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ Բեգ­լա­րեան ընդգ­ծեց նաեւ, թէ ոե­ւէ մէ­կը եր­բեք չէ ը­սած, թէ Հա­յաս­տան-Ի­րան եր­կա­թու­ղին պի­տի կա­ռու­ցուի դիւ­րու­թեամբ։ «Մենք ա­մէն ինչ պի­տի ը­նենք, որ­պէս­զի այս ուղ­ղու­թեամբ խնդիր­նե­րը յաղ­թա­հա­րուին։ Եր­բեք չենք յայ­տա­րա­րած, որ սա պի­տի կա­ռու­ցուի դիւ­րու­թեամբ եւ չու­նինք լուրջ խնդիր­ներ։ Եր­կա­թու­ղիին կա­ռու­ցու­մը անհ­րա­ժեշտ է բո­լո­րիս հա­մար», ը­սաւ նա­խա­րա­րը։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 19, 2015