ԲԱՑ ԴՌՆԵՐՈՒ ՕՐ՝ «ՎԻՎԱՍԵԼ-ԷՄ.ԹԻ.ԷՍ.»Ի ՄԷՋ

«Այ.Էյ.Պի.»ի Վար­չա­գի­տա­կան մի­ջազ­գա­յին ա­կա­դե­միոյ ա­մառ­նա­յին դպրոց՝ պա­տա­նի ա­ռաջ­նորդ­նե­րու հա­մար» ծրագ­րի ծի­րէն ներս Հա­յաս­տա­նի 12-16 տա­րե­կան քսան ա­շա­կերտ­ներ այ­ցե­լած են «Վի­վա­սել-Էմ.Թի.Էս.»ի գլխա­ւոր գրա­սե­նեա­կը:

Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին «Վի­վա­սել-Էմ.Թի.Էս.»ի գլխա­ւոր տնօ­րէն Ռալֆ Եի­րի­կեան հիւ­րե­րուն ներ­կա­յա­ցու­ցած է կազ­մա­կեր­պու­թեան կա­ռա­վար­ման հո­լո­վոյթ­նե­րու մշա­կոյ­թը, «Վի­վա­սել-Էմ.Թի.Էս.»ի յա­ջո­ղու­թեան պատ­մու­թիւ­նը, ար­ժէք­ներն ու հա­մո­զում­նե­րը, ո­րոնց­մով կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը կ՚ա­ռաջ­նոր­դուի իր գոր­ծու­նէու­թեան ըն­թաց­քին, ինչ­պէս նաեւ պա­տաս­խա­նած է ա­շա­կերտ­նե­րը հե­տաքրք­րող հար­ցում­նե­րուն:

Ա­շա­կերտ­նե­րը ծա­նօ­թա­ցած են նաեւ բջի­ջա­յին կա­պի ար­հես­տա­գի­տու­թեան հիմ­քե­րուն՝ այ­ցե­լե­լով «Վի­վա­սել-Էմ.Թի.Էս.»ի հիմ­նա­կան կեդ­րոն­նե­րը. հե­ռա­ձայն­նե­րու կեդ­րոն, թեք­նիկ կեդ­րոն եւ սպա­սարկ­ման կեդ­րոն: Կազ­մա­կեր­պու­թեան գլխա­ւոր տնօ­րէ­նը բա­ցատ­րած է, թէ ինչ­պէ՛ս կը գոր­ծէ բջի­ջա­յին կա­պը, ինչ­պէ՛ս կը փո­խան­ցուի ազ­դան­շա­նը եւ կ՚ի­րա­կա­նա­ցուի կա­պը բա­ժա­նորդ­նե­րուն մի­ջեւ:

«Միշտ հա­ճե­լի է տես­նել ե­րա­խա­նե­րու՝ նոր գի­տե­լիք ստա­նա­լու, զար­գա­նա­լու եւ ա­ճե­լու ձգտու­մը: Մեր ըն­կե­րու­թեան ա­մե­նէն ար­ժէ­քա­ւոր ձեռք­բե­րում­նե­րէն մէ­կը տա­րի­նե­րու փորձն է, ինչ որ միշտ պատ­րաստ ենք կի­սել այն ան­ձե­րուն հետ, ո­րոնք բռնած են յա­ջո­ղու­թեան հաս­նե­լու ճամ­բան», ը­սած է Ռալֆ Եի­րի­կեան:

2016 թուա­կա­նի ա­մառ­նա­յին դպրո­ցի ծրագ­րի ծի­րին մէջ Վար­չա­գի­տու­թեան մի­ջազ­գա­յին ա­կա­դե­միոյ (Այ.Էյ.Պի.) ա­շա­կերտ­նե­րը կը սոր­վին անգ­լե­րէն, ձեռ­նար­կա­տի­րու­թիւն, վար­չա­գի­տու­թիւն եւ նա­խա­գի­ծե­րու կա­ռա­վա­րում, ինչ­պէս նաեւ կ՚այ­ցե­լեն բազ­մա­թիւ ձեռ­նար­կու­թիւն­ներ՝ ան­հա­տա­կան զար­գաց­ման նպա­տա­կով: Ձեռ­նար­կա­տի­րու­թեան եւ վար­չա­գի­տու­թեան այս բա­ցա­ռիկ ծրագ­րին նպա­տակն է ուղ­ղոր­դել ե­րա­խա­նե­րը գա­ղա­փա­րի ձե­ւա­ւո­րու­մէն մին­չեւ ա­ռա­ջին սկսնակ գա­ղա­փար­նե­րու ստեղ­ծում՝ բա­ցա­յայ­տե­լով ա­նոնց հա­մար ա­ռաջ­նոր­դու­թեան, մեծ գա­ղա­փար­նե­րու, կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու յա­ջո­ղու­թեան, ե­լեւ­մուտ­քի եւ շու­կա­յադ­րու­մի հաս­կա­ցո­ղու­թիւն­նե­րը:

«Ե­րի­տա­սարդ ա­ռաջ­նորդ­նե­րու հա­մար նա­խագ­ծի կա­ռա­վա­րում» նիւ­թի հիմ­քին մէջ կայ հիմ­նա­րար նա­խագ­ծե­րու կա­ռա­վար­ման գոր­ծի­քա­կազ­մե­րու, ինչ­պէս նաեւ ըն­թա­ցիկ խում­բե­րու ձե­ւա­ւո­րու­մը, ինչ որ կ՚օգ­նէ ա­շա­կերտ­նե­րուն աշ­խա­տիլ ի­րա­կան ծրագ­րե­րու զար­գաց­ման վրայ՝ գա­ղա­փա­րի ստեղ­ծու­մէն մին­չեւ ի­րա­կա­նա­ցում:

Ուրբաթ, Օգոստոս 19, 2016