ԳԱՒԱՌԻ ԵՒ ՀՐԱԶԴԱՆԻ ՄԷՋ ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ ԲԺԻՇԿՆԵՐ

Հա­յաս­տա­նի Գա­ւա­ռի եւ Հրազ­դա­նի բժշկա­կան կեդ­րոն­նե­րուն մէջ ա­մե­րի­կա­ցի բժիշկ­ներ կա­մա­ւոր ա­ռա­քե­լու­թիւն կը կա­տա­րեն՝ Հա­յաս­տա­նի մօտ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու դես­պա­նա­տան եւ Քան­զաս նա­հան­գի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ:

Ըստ կա­մա­ւոր խում­բի ան­դամ բժիշկ Մե­րի­լի Սմո­լի, կա­մա­ւոր ա­ռա­քե­լու­թեան նա­խա­ձեռ­նո­ղը ա­մե­րի­կա­ցի Մ. Հար­պըրն է, որ ներ­կա­յիս կ՚ապ­րի Ե­րե­ւան եւ կ՚աշ­խա­տի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու դես­պա­նա­տան հետ:

«Մեր ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը հայ­կա­կան մշա­կոյ­թէն բան մը սոր­վիլն է եւ՝ տեղ­ւոյն բժշկա­կան անձ­նա­կազ­մին հետ փոր­ձա­ռու­թեան փո­խա­նա­կու­մը: Եր­կու տա­րի ա­ռաջ կա­մա­ւո­րա­կան ա­ռա­քե­լու­թեամբ հոս ե­կած են ա­մե­րի­կա­ցի եր­կու բժիշկ­ներ, ո­րոնք աշ­խա­տած են Հա­յաս­տա­նի հա­րա­ւը, շատ հաւ­նած են ու ո­րո­շած՝ ըն­դար­ձա­կել ա­ռա­քե­լու­թեան ծի­րը: Ե­կած ենք քա­ռա­սուն հո­գիով եւ բաժ­նուած՝ եր­կու խում­բի։ Մէկ խում­բը ներ­կա­յիս կը գոր­ծէ Հրազ­դա­նի բժշկա­կան կեդ­րո­նին մէջ, իսկ մեր խում­բը՝ Գա­ւա­ռի: Մեր կազ­մին մէջ կան բժիշկ­ներ, հի­ւան­դա­պահ­ներ, վար­չա­կան գոր­ծեր կա­տա­րող­ներ, շտապ օգ­նու­թեան բժիշկ­ներ եւ լրագ­րող», դի­տել տուած է Մե­րի­լի Սմո­լի:

Գա­ւա­ռի բժշկա­կան կեդ­րո­նի տնօ­րէն Ա­շոտ Կա­րա­պե­տեան յայտ­նած է, որ ա­մե­րի­կա­ցի բժիշկ կա­մա­ւոր­նե­րը, ո­րոնք հիմ­նա­կա­նին մէջ կը ներ­կա­յաց­նեն Քան­զաս նա­հան­գը, կը մաս­նակ­ցին բժշկա­կան կեդ­րո­նին մէջ կա­տա­րուող վի­րա­հա­տու­թիւն­նե­րուն, ծննդա­բե­րու­թիւն­նե­րուն, շտապ օգ­նու­թեան կան­չե­րուն, կը կազ­մա­կեր­պեն սե­մի­նար-դա­սըն­թացք­ներ տար­բեր բժշկա­կան թե­մա­նե­րով, իսկ յա­տուկ մաս­նա­գէտ­նե­րը կը նո­րո­գեն բժշկա­կան սար­քե­րը:

Մե­րի­լի Սմո­լի ներ­կա­յա­ցու­ցած է իր ա­ռա­ջին տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րը. «Գա­ւա­ռի բժշկա­կան կեդ­րո­նի թեք­նիկ յա­գե­ցուա­ծու­թեան եւ բժշկա­կան անձ­նա­կազ­մի մաս­նա­գի­տա­կան պատ­րաս­տուա­ծու­թեան մա­սին կարգ մը սար­քեր միեւ­նոյնն են, ինչ­պէս՝ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ, կան նաեւ ու­րիշ­ներ, ո­րոնք կրնան ա­ւե­լի ժա­մա­նա­կա­կից ըլ­լալ, սա­կայն ընդ­հա­նուր առ­մամբ կը ծա­ռա­յեն ի­րենց նպա­տա­կին: Բժշկա­կան անձ­նա­կազ­մի ան­դամ­նե­րը շատ ջերմ են, բա­րե­համ­բոյր, կը սի­րեն բաժ­նեկ­ցիլ, սոր­վիլ, կը տի­րա­պե­տեն ի­րենց մաս­նա­գի­տա­կան գի­տե­լիք­նե­րուն, կա­յուն հիմք ու­նին: Բայց միշտ ալ մաս­նա­գէ­տը սոր­վե­լիք ու­նի, իսկ ինչ որ մենք կը սոր­վեց­նենք, կը նկա­տուի գի­տե­լիք­նե­րու թար­մա­ցում»:

Ուրբաթ, Օգոստոս 19, 2016