ԷԼԱԶԸՂԷՆ ԵՒ ՇԸՐՆԱՔԷՆ ՀԱՍԱԾ ԼՈՒՐԵՐԸ ԵՐԷԿ ԽՈՐ ՑԱՒ ՊԱՏՃԱՌԵՑԻՆ ԲՈՎԱՆԴԱԿ ԹՈՒՐՔԻՈՅ
Թուրքիա վերջին օրերուն խոր ցաւ կ՚ապրի իրերայաջորդ պատահած ահաբեկչական տմարդի եւ արիւնալի յարձակումներու հետեւանքով։ Երէկ առաւօտեան ժամերուն երկիրը մեծ ցնցում ապրեցաւ Էլազըղէն հասած լուրերուն հետեւանքով։ Օրուան երկրորդ կէսին, այդ ցնցումին վրայ եկաւ աւելնալ Պիթլիսէն հասած ծանր լուրը։ Այսպէս, քաղաքի Հիզան գաւառակին մէջ զինուորական ինքնաշարժ մը երթեւեկութեան ընթացքին դարձաւ ահաբեկիչներու ռումբին թիրախը։ Հեռակայ դրութեամբ պայթեցուած ռումբին հետեւանքով երեք զինուոր նահատակուեցաւ։ Պայթումը պատճառ դարձաւ եօթ զինուորի ալ վիրաւորման։
Յաջորդող ժամերուն շրջանէն ներս ապրուեցան բախումներ, որոնց ընթացքին ալ գիւղապահ մը զոհուեցաւ։ Այսպէսով, Պիթլիսի նահատակներու թիւը հասաւ չորսի։
Բաց աստի, երէկուան պայթումին զուգահեռ Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ, Ազգային պաշտպանութեան նախարար Ֆիքրի Ըշըք եւ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Հուլուսի Աքար այցելեցին Պիթլիս, ուր քննարկումներ կատարեցին տեղւոյն վրայ։ Իր կարգին, Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանն ալ ՓՔՔ-ականներու կողմէ կատարուած այս ահաբեկչական արարքին շուրջ հեռաձայնով տեղեկութիւններ քաղեց Պինալի Եըլտըրըմէն եւ Էլազըղի կուսակալ Մուրատ Զորլուօղլուէն։
Միւս կողմէ, Պեշթեփէի պալատին մէջ, երէկ գիշեր տեղի ունեցաւ անվտանգութեան հարցերու վերաբերեալ բարձր մակարդակի խորհրդակցութիւն մը։ Էրտողանի գլխաւորութեամբ կազմակերպուած ժողովին ներկայ էին նաեւ Եըլտըրըմ եւ Աքար։