ՄԱՍՆԱԳԷՏՆԵՐՈՒ ԶՕՐԱՇԱՐԺ
Հայաստանի Առողջապահութեան նախարար Արմէն Մուրատեան վերջերս ընդունեց ֆրանսահայ բժշկական դասու նշանաւոր դէմքերէն հեղինակաւոր միզաբան Փրոֆ. Ժան Փիէռ Պէրպէրեանը: Այս վերջինը երկար տարիներէ ի վեր կայուն թափով մասնագիտական օժանդակութիւն կը ցուցաբերէ՝ Հայաստանի առողջապահութեան բնագաւառի վերելքին համար։ Պէրպէրեան, որ միեւնոյն ժամանակ կ՚անդամակցի Ֆրանսահայ բժիշկներու միութեան, յաջողած է իր շրջանակն ալ շարժման անցընել՝ բժշկութեան գծով Հայաստանէ ներս ոստումի մը գետին պատրաստելու համար։ Հիմա ան կը պատրաստուի մօտաւոր ապագային Հայաստան առաջնորդել իր խումբ մը ֆրանսացի պաշտօնակիցները, որոնք նոյնպէս բարձր հեղինակութիւն ունին այդ ասպարէզէն ներս։ Ժան Փիէռ Պէրպէրեան Արմէն Մուրատեանին հետ ունեցած հանդիպման ընթացքին անդրադարձած է բժիշկներու այդ մօտալուտ ուղեւորութեան նախապատրաստական աշխատանքներու վերջին փուլին։
Փրոֆեսէօրը տեղեկացուցած է Ֆրանսայի Միզաբանական միութեան անդամներուն Սեպտեմբերին Հայաստան կատարելիք այցելութեան մասին: Մօտաւորապէս երեսուն մասնագէտներէ բաղկացեալ բժշկական խումբին այցելութեան նպատակն է փորձառութեան փոխանակումը եւ համագործակցութեան ընդլայնումը:
Նախարարը ողջունած եւ պատրաստակամութիւն յայտնած է աջակցելու մասնագիտական խումբի նախաձեռնութեան: Ան առաջարկած է այցելութեան ընթացքին Հայկական միզաբանական միութեան հերթական տարեկան աշխատաժողովի ծիրին մէջ կազմակերպել միացեալ գիտաժողով մը, որու ընթացքին պիտի քննարկուին մասնագիտական նիւթեր։ Այդ հաւաքոյթը ձօնուած է Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեայ յոբելեանին:
Արմէն Մուրատեան ընդգծած է, որ Հայաստանի մէջ կը գործեն բազմաթիւ արհեստավարժ մասնագիտական միաւորումներ, որոնցմէ առաջատար է նաեւ արդէն մօտաւորապէս քսան տարուան անցեալի մը տէր Հայկական միզաբանական միութիւնը:
Միզաբան Փրոֆ. Իվան Աղաջանեան հանդիպման ընթացքին անդրադարձաւ Ժան Փիէռ Պէրպէրեանի մասնագիտական գործունէութեան եւ ընդգծեց, որ այս անուանի բժիշկին կապուած է Հայաստանի մէջ 1980-ականներու աւարտին ներադիտական զարգացումը, որ բեկումնային նշանակութիւն ունեցաւ ո՛չ միայն միզաբանութեան, այլ նաեւ ընդհանուր բժշկութեան մէջ:
Կը հաղորդուի, որ զրոյցի տեւողութեան անդրադարձ կատարուած է նաեւ համագործակցութեան ապագայ ընդլայնման ուղղութիւններուն: