ԱՆԳԼԻՈՅ ՊԻԿ ՊԵՆԻ ԺԱՄԱՑՈՅՑԸ ՊԻՏԻ ՉՂՕՂԱՆՋԷ ՄԻՆՉԵՒ 2021 ԹՈՒԱԿԱՆԸ

Մեծն Բրիտանիոյ խորհրդարանի Էլիզապէթի աշտարակի ժամացոյցը, աշտարակ, որ յայտնի է որպէս Պիկ Պեն, յառաջիկայ չորս տարուան ընթացքին պիտի չղօղանջէ վերականգնողական աշխատանքներու կատարման պատճառով:

«Արմէնփրէս» գործակալութեան հաղորդմամբ, Օգոստոսի 21-ին 13.7 թոն կշռող ամենախոշոր զանգը կ՚անջատուի ժամացոյցէն, որպէսզի այդ ձեւով ապահովուի անվտանգութիւնը աշխատողներու, որոնք կը զբաղուին Մեծն Բրիտանիոյ մայրաքաղաքի ամենաճանաչելի խորհրդանիշերէն մէկուն նորոգմամբ: Այս զանգը տեղադրուած է 1859 թուականին եւ աւելի ուշ ժողովուրդի մէջ կոչուած Պիկ Պեն: Այս անուամբ շատեր կը զուգորդեն ժամացոյցի աշտարակը:

Աշխատանքներու կատարման ընթացքին կը դադրին ղօղանջել նաեւ այն չորս զանգերը, որոնք կը զարնեն իւրաքանչիւր 15 վայրկեանը անգամ մը: Սակայն Պիկ Պենի ղօղանջը կարելի կ՚ըլլայ լսել, օրինակ՝ Ամանորի տօնակատարութեան ժամանակ:

96 մեթր բարձրութեամբ՝ Էլիզապէթի աշտարակի շինարարութիւնը՝ անգլիացի ճարտարապետ Ակուսթուս Փուկինի նախագծով, աւարտած է 31 Մայիս 1859 թուականին: Ան վիքթորեան դարաշրջանի յուշարձան մըն է եւ ներառուած՝ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ: Մինչեւ 2012 թուականը ան կը կոչուէր Ուեսթմինսթըրի պալատի ժամացոյցի աշտարակ: Էլիզապէթ Բ. թագուհիի կառավարման 60-ամեակի պատուին զայն կոչեցին թագուհիին անունով։

Շաբաթ, Օգոստոս 19, 2017