ԳԱՐԵՋՈՒՐԻ ՉՈՐՐՈՐԴ ՓԱՌԱՏՕՆԸ
Երեւանի Կարապի լիճի յարակից տարածքին վրայ այսօր չորրորդ անգամ տեղի կ՚ունենայ արդէն աւանդական դարձած Գարեջուրի փառատօնը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, Երեւանի գարեջուրի փառատօնը «Երեւանեան ամառ» եռամսեայ միջոցներու ծրագրի երեք այն հիմնական փառատօններէն մին է, որու նպատակն է զարգացնել միջոցառումային զբօսաշրջութիւնը մայարաքաղաքին մէջ, ինչպէս նաեւ հանրութեան ներկայացնել հայկական գարեջուրի լաւագոյն աւանդոյթները, գարեջուրի արտադրութեան շուկայէն ներս եղած նորամուծութիւնները, նոր ապրանքատեսակները։
Աւանդոյթի համաձայն, փառատօնին կը մասնակցին Երեւանի գարեջուրի գործարանը, «Կիւմրի» եւ «Ալեքսանդրապոլ» գործարանները, «Կոտայք» գարեջուրի գործարանը, «Գարեջուրի ակադեմիա» գործարան-ճաշարանը, «Եանքի» փապ-գարեջրատունը, «Քարլոֆֆ» չեխական գարեջրատուն-ճաշարանը, Հայաստանի խեցգետիններու դաշնակցութիւնը, «Պիր Մանիա» գարեջրատուն-սրճարանը։ Երեւանի գարեջուրի չորրորդ փառատօնին առաջին անգամ առանձին տաղաւարներով կը մասնակցին «Ալավերտի» եւ «Դիլիջան» գարեջուրի գործարանները, «Վայլտ Վեստ» եւ «Պարել» փապ-գարեջրատուները։
Փառատօնային երեկոն կ՚ուղեկցուի համերգային ծրագրով ու բազում անակնկալներով եւ երաժշտութեամբ։ Միջոցառման ծիրէն ներս տեղի կ՚ունենան բազմաթիւ հետաքրքրական խաղեր եւ մրցոյթներ։