Հայաստանէն Երեք Լողորդներ Կը Մասնակցին Պատանիներու Աշխարհի Ախոյենութեան
Հայաստանի լողի պատանեկան հաւաքականը Օգոստոսի 23-28 թուականներուն միջեւ Միացեալ Նահանգներու Ինտիանափոլիս քաղաքին մէջ պիտի մասնակցի պատանիներու աշխարհի ախոյենութեան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, Հայաստանի Լողի դաշնակցութեան նախագահ Մեսրոպ Յովսէփեան տեղեկացուց, որ Ինտիանափոլիս պիտի մեկնին Հայաստանի լաւագոյն պատանի լողորդները՝ Արթուր Բարսեղեան (50 եւ 100 մեթր ազատ ոճ, 50 մեթր թիթեռնիկ), Վարսենիկ Մանուչարեան (50 եւ 100 մեթր ազատ ոճ, 50 մեթր թիթեռնիկ) եւ Անի Պօղոսեան (50 եւ 100 մեթր ազատ ոճ, 50 մեթր թիկնալող):
«Յուլիսին, աշխարհի երէցներու ախոյենութեան մէջ Անի Պօղոսեան 2018 թուականի պատանեկան ողիմպիական խաղերու մասնակցութեան Բ. կարգի վարկանիշ նուաճեց: Նոյնպիսի յաջողութեան հասաւ Արթուր Բարսեղեան: Ան Բ. կարգի տոմսը նուաճեց Եւրոպայի պատանեկան ողիմպիական փառատօնին մէջ: Ընդ որում, Արթուրի արդիւնքը շատ մօտ է Ա. կարգի վարկանիշին: Կը Հաւատանք, որ մեր լողորդները կրնան յաջող մրցիլ նոյնպէս աշխարհի պատանեկան ախոյենութեան մէջ», ըսաւ Յովսէփ Մեսրոպեան: Լողի հայկական դաշնակցութեան մէջ յոյս ունին, որ Հայաստան կրնայ 2020 թուականի Թոքիոյի ողիմպիական խաղերուն մասնակցիլ: «Մենք փոքր քայլերով, բայց նպատակասլաց կը շարժինք յառաջ, եւ այս երեք պատանի լողորդներու ցուցանիշներուն կայուն աճը մեզի յոյս կը ներշնչէ, որ Թոքիոյի ողիմպիականի լողի մրցումներուն Հայաստան կրնայ ներկայացուցիչ ունենալ», ըսաւ Յովսէփ Մեսրոպեան: