ՅԱՐԳԱՆՔԻ ԼՌՈՒԹԻՒՆ
Պարսելոնայի մէջ պատահած սահմռկեցուցիչ ահաբեկչութեան արձագանգները կը շարունակուին ամբողջ աշխարհի մէջ։ Դէպքի զոհերու եւ վիրաւորեալներու շարքին կը գտնուին երեսունչորս երկիրներէ քաղաքացիներ։ Սպանական յայտնի «El Pais» թերթը գրեց, որ այս ահաբեկչական արարքը կատարուած է տասներկու հոգիէ բաղկացեալ խումբի մը կողմէ։
Երէկ, Պարսելոնայի մէջ մեծ ցոյց մը տեղի ունեցաւ այս յարձակման դէմ։ Տեղւոյն «Քաթալոնիա» հրապարակին վրայ հոծ բազմութիւն մը յարգանքի լռութիւն պահեց զոհերուն համար։ Ներկայ էին՝ Սպանիոյ Ֆելիփէ Զ. թագաւորը, վարչապետ Մարիանօ Ռախոյ, քաթալոնական տեղական իշխանութիւնները, երկրի զանազան կուսակցութիւններէն ներկայացուցիչներ եւ ցուցարարներ։ Մարիանօ Ռախոյ յայտնեց, որ ներկայիս Եւրոպայի գլխաւոր խնդիրն է ահաբեկչութեան դէմ պայքարը։
Ի նշան Պարսելոնայի մէջ պատահած դէպքին բերումով զօրակցութեան՝ երէկ Պրիւքսելի մէջ դրօշակները խոնարհուեցան Եւրոպական Միութեան եւ ՆԱԹՕ-ի կեդրոնակայաններուն առջեւ։ Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքել յայտնեց, որ ահաբեկչութիւնները պիտի չփոխեն եւրոպացիներու ապրելակերպը։ Մինչ այդ, Ֆրանսան ալ անվտանգութեան միջոցները խստացուցած է Սպանիոյ սահմանին վրայ։ Այս մասին յայտարարած է Ֆրանսայի Ներքին գոր-ծոց նախարար Ժերար Քոլոն։