ՊԵԹԻ ԳՐԱՃԵԱՆ-ՄՈՄՃԵԱՆ՝ ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՈՅԻ ՏԱՐՈՒԱՆ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐԷՆ

Սան Ֆրանսիսքոյի քաղաքապետ Էտ Լի, վերջերս, 2016-2017 կրթական տարեշրջանի «Տարուան ուսուցիչ»ներէն մէկը ընտրեց Պեթի Գրաճեան-Մոմճեանը, որ ուսողութեան ուսուցիչ է Սան Ֆրանսիսքոյի «Ճիաննի» միջնակարգ վարժարանին մէջ:

Այս տարի յիշեալ մրցանակի թեկնածու ներկայացուած էին աւելի քան 300 ուսուցիչներ, որոնցմէ ընտրուած են հինգը միայն: Այս առիթով Պեթի Գրաճեան-Մոմճեան շնորհաւորագրեր ստացաւ Սան Ֆրանսիսքոյի քաղաքապետէն ու հարկադիրէն, գաւառի վերահսկիչներէն, գոնկրեսական Նենսի Փելոսիէն եւ նահանգային ծերակոյտէն:

Մեծարեալը իր ուսուցչական ասպարէզին սկսած է Կլենտէյլի «Ճան Մույիր» նախակրթարանին մէջ, ապա փոխադրուած է Ծովածոցի շրջան: Ան ներկայիս անդամ է շրջանի ՀՕՄ-ի «Ակնունի» մասնաճիւղին եւ խորհրդակցական սպասարկութիւններ կը տրամադրէ Սան Ֆրանսիսքոյի Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգային վարժարանին:

Բաց աստի, Պեթի Գրաճեան-Մոմճեան այս տարի ստացած էր նաեւ Սան Ֆրանսիսքոյի հարկադիր Քարմեն Չուի գրասենեակին շնորհած՝ «2016-2017-ի Սան Ֆրանսիսքոյի գերուսուցիչը» մրցանակը:

Շաբաթ, Օգոստոս 19, 2017