ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՓԱՌԱՏՕՆ

«Ֆրեսքօ» միջազգային փառատօնը Բերդ քաղաքին մէջ կը սկսի «Բերդ» պարային համոյթի համերգով։ Այսպէս, «Ֆրեսքօ» արդի արուեստի եւ հոգեւոր ժապաւէններու 7-րդ միջազգային փառատօնը Հայաստանի մէջ տեղի կ՚ունենայ օգոստոս 22-սեպտեմբեր 1 թուականներուն միջեւ։

Տասնմէկ օր շարունակ «Ֆրեսքօ»ն կը ստեղծէ իսկական տօն՝ պահպանելով համավարակի կանխարգիլման կանոնները:

Փառատօնի նպատակն է հոգեւոր եւ մշակութային երկխօսութեան միջոցով նպաստել մարդասիրական արժէքներու տարածման: «Ֆրեսքօ»ի հանդիսաւոր բացման արարողութիւնը տեղի կ՚ունենայ սահմանամերձ գեղատեսիլ Բերդ քաղաքին մէջ՝ «Բերդ» պարի համոյթի բացօթեայ համերգով, այնուհետեւ համերգին կը յաջորդեն միջազգային ժապաւէններու դիտումները:

Փառատօնի Երեւանի մէջ ծրագիրը կը մեկնարկէ օգոստոսի 24-ին եւ կը շարունակուի մինչեւ սեպտեմբերի 1-ը, մայրաքաղաքի սրտին՝ Աբովեան փողոցի Ս. Աննա եւ Ս. Կաթողիկէ եկեղեցիներու յարակից տարածքէն ներս: Ծրագրին մէջ կը ներառուին ժապաւէններու դիտում-քննարկումներ, համերգային կատարումներ եւ առցանց հանդիպումներ:

Փառատօնի ընթացքին տեղի կ՚ունենան սպասուած համերգներ՝ օգոստոսի 28-ին՝ Հայաստանի Պարի պետական համոյթի մենահամերգը, 29-ին՝ Ռուբէն Հախվերդեանի 70-ամեակին նուիրուած յոբելենական համերգը, օգոստոսի 30-ին ելոյթ կ՚ունենան Ջիւան Գասպարեանն ու իր ընկերները:

Փառատօնին այս տարի ներկայացուած է 85 երկիրներէ աւելի քան 3 հազար յայտեր, որոնցմէ ընտրուած է 23 երկրէ 60 շարժանկար։  Մրցութային ծրագրին մէջ ընդգրկուած են ժապաւէններ, որոնց ուղերձներն են մարդասիրութիւնը, հայրենասիրութիւնը, առողջ ապրելակերպը եւ այլ համամարդկային արժէքներ:

Փառատօնը տեղի կ՚ունենայ օրհնութեամբ եւ նախաձեռնութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի, որուն կ՚աջակցին Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութիւնը եւ «Հայաստանեան կլոր սեղան» հիմնադրամը:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 19, 2020