ՀԱՐԵՒԱՆՆԵՐՈՎ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆ յայտարարեց, որ հարեւան երկիրներու հետ տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացումը կը համարուի իր երկրի տնտեսութեան զարգացման հիմնական գրաւականը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ճեւատ Զարիֆ Իրանի հարեւանները նկատեց արտածման առաջնային ուղղութիւններ։ Հակառակ շարք մը արգելքներու, այս տարի Իրանի պարագային արտածման բաւական լաւ ցուցանիշներ կը նախատեսուին՝ ոչ-նաւթային արտադրութեան պարագային։

Հարկ է նշել, որ Իրան Հայաստանի առեւտրային հիմնական գործընկերներէն մին է։ Ըստ վիճակագրական տուեալներու, այս տարուայ առաջին կէսին երկու երկիրներու ապրանքաշրջանառութիւնը կազմած է 174.7 միլիոն տոլար։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 19, 2020