ՃԱԲՈՆԻ ՄԷՋ ՍՈՍԿԱԼԻ ՏԱՔԵՐ

Ճաբոնի մայրաքաղաքը՝ Թոքիոյի մէջ շոգէն մահացած է 79 հոգի։ Թոքիոյի մէջ օգոստոսի սկիզբէն ի վեր աւելի քան 79 հոգի մահացած է սաստիկ տաք եղանակի ներգործութենէն: Մահացածներու աւելի քան 80 տոկոսը 70-էն բարձր տարիքի մարդիկ են: Շատեր մահացած են իրենց տուներուն եւ բնակարաններուն մէջ, ուր չկային օդորակիչներ:

Օգոստոսի 17-ին Կեդրոնական Ճաբոնի Համամացու քաղաքին մէջ օդի ջերմաստիճանը ցերեկին բարձրացած է մինչեւ 41.1 սելսիուս, ինչ որ դարձած է երկու տարի առաջ սահմանուած պատմական ջերմաստիճանային մրցանիշի կրկնութիւնը: Թոքիոյի մէջ այս շաբաթ նոյնպէս շոգ եղանակ հաստատուած է, ջերմաչափի սիւնը բարձրացած է մինչեւ 36 աստիճան:

Ճաբոնի մէջ սովորաբար օդը շատ տաք կ՚ըլլայ յուլիսի կէսերուն՝ անձրեւներու եղանակի աւարտէն յետոյ: Սակայն այս տարի յուլիս ամիսը եղած է ամպամած, իսկ երկրին մէջ տեղացած են բացառապէս մրցանիշային անձրեւներ, որոնք յանգեցուցած են սողանքներու եւ գետերու յորդումներու: Անցեալ տարի ամբողջ երկրին մէջ շոգէն զոհուած էր 126 մարդ, աւելի քան 70-ը տուժած։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 19, 2020