ՆԵՐՔԻՆ ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԻՒՆ

Քայլարշաւ, ընտանեկան հանգիստ, արկածային զբօսաշրջութիւն․ ինչ կը նախընտրեն ներքին զբօսաշրջիկները։ Այսպէս, համավարակի պայմաններուն ներքեւ, երբ օդային հաղորդակցութիւնը սահմանափակ է, Հայաստանի բնակիչները իրենց հանգիստը կազմակերպելու համար կը նախընտրեն երթալ քայլարշաւներու կամ կը զբաղին արկածային զբօսաշրջութեամբ։

«Արմէնփրէս» գործակալութեան հետ զրոյցի ժամանակ այս մասին արտայայտուեցաւ Հայաստանի Բնապահպանութեան նախարարութեան Զբօսաշրջութեան կոմիտէի զբօսաշրջային արդիւնքներու զարգացման փորձագէտ Անահիտ Ոսկանեան։

«Նայելով ներքին զբօսաշրջութեան աշխուժութեան, կրնանք ըսել, որ առաւել կ՚աշխուժանան այն ուղղութիւնները, որոնք աւելի հանրամատչելի են։ Այսինքն՝ այս տարի մարդիկ աւելի եւս հետաքրքրուած են քայլարշաւային զբօսաշրջութեամբ կամ կը նախընտրեն պարզապէս ընտանեկան հանգիստի մեկնիլ։ Նուազ չէ թիւը այն մարդոց, որոնք կը հետաքրքրուին արկածային զբօսաշրջութեամբ։ Երբ կը զրուցենք տուեալ տեսակի զբօսաշրջութեան ծառայութիւններ մատուցողներու հետ, անոնք կ՚ընդգծեն, որ ներքին զբօսաշրջիկները մեծ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն՝ քանիոնինկի, ինչպէս նաեւ  ռաֆթինկի նկատմամբ», նշեց Ոսկանեան։ Ըստ իրեն՝ առողջարանները, այն պանդոկները, որոնք բարձրակարգ ծառայութիւններ կը մատուցեն, յառաջիկայ մէկ ամիս ամբողջութեամբ լեցուած են։ Ոսկանեան շեշտեց, որ բազմաթիւ երիտասարդներ հետաքրքրուած են նաեւ միօրեայ պտոյտներով, երբ կրնան ձիավարել, հեծանիւային զբօսաշրջութեամբ զբաղիլ եւ այլն։

«Հայաստանի մէջ կան մօտաւորապէս 11 միաւորումներ, որոնք կը զբաղին քայլարշաւներով եւ իրենք կը նշեն, որ աւելի քան հազար մարդ շաբաթ-կիրակի օրերը կը նախընտրէ բարձրանալ տարբեր սարեր։ Մօտաւորապէս մէկ-երկու ամսուայ ընթացքին բաւականին զարգացած է ճիփինկը՝ off-road մեքենաներ ունեցողները փոքր խումբերով կը հաւաքուին եւ կ՚երթան վրանային հանգիստի», ըսաւ Զբօսաշրջութեան կոմիտէի զբօսաշրջային արդիւնքի զարգացման փորձագէտը։

Ան ընդգծեց, որ ուսումնասիրելով զբօսաշրջիկներու արձագանգները՝ պարզ կը դառնայ, որ Հայաստանի մէջ երեխաներու հետ հանգիստի մեկնելու համար շատ քիչ վայրեր կան։ Հիմնական ուղղութիւնը Դիլիջանն է կամ նմանատիպ զբօսաշրջային ենթակառուցուածքներով յագեցած կէտերը։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 19, 2020