ՎԵՑԱՄԵԱՅ ԽՈՀԱՐԱՐԸ

Վեցամեայ սեւանցի երեխան խոհարարներու հանրապետական մրցոյթին դափնեկիր հանդիսացած է։ Հայաստանի Սեւան քաղաքի թիւ 6 դպրոցի աշակերտ, վեց տարեկան Մհեր Յարութիւնեան մրցանակակիր եղած է Գորիսի մէջ վերջերս կայացած հանրապետական խոհարարական մրցոյթին:

Ըստ Սեւանի քաղաքապետարանի աշխատակազմի քարտուղար Արմինէ Ղուկասեանի, փոքրիկն Մհերի մայրը տեղեկացած ու անմիջապէս յայտ ներկայացուցած է Գորիսի մէջ կազմակերպուող խոհարարական դասընթացներուն եւ անոնց յաջորդող մրցոյթին: Մհեր, որ ամենակրտսեր մասնակիցը եղած է, կարողացած է զարմացնել եւ հիացնել բոլորը ու նուաճած՝ առաջնութիւնը:

«Անոր պատրաստած աղցանը եւ ձուկը հռչակուած է լաւագոյնը՝ արժանանալով առաջին մրցանակի: Փոքրիկ Մհեր կը պատմէ, որ ամէն ճիգ վատնած է ամենալաւը ներկայացնելու համար։ Երեք-չորս տարեկանէն ի վեր ան սէր կը ցուցաբերէ խոհանոցի հանդէպ՝ միջամտելով տատիկի ու մայրիկի խոհարակական գործերուն, աւելին՝ տատիկին օգնած է գաթա պատրաստելու ժամանակ, ապա անցած է կարկանդակներուն, աղցաններուն: Սեւանցի փոքրիկ խոհարարի այս տարուայ յայտնութիւնը աննկատ չէ մնացած: Մրցոյթէն օրեր վերջ ան արդէն իբրեւ երկրի ծանօթ խոհարար, «Հայ խոհարարական աւանդոյթներու զարգացման եւ պահպանման» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Սեդրակ Մամուլեանի հիւրն էր:

«Հիւրընկալութեան մասին Մամուլեան անդրադարձած է իր «Ֆէյսպուք»ի էջին մէջ եւ նշած՝ «Վերջերս իմ հիւրն էր Մհեր Յարութիւնեան՝ Սեւան քաղաքէն։ Մհեր ընդամէնը 6 տարեկան է, բայց արդէն կրնայ ինքնուրոյն պատրաստել շարք մը ուտեստներ։ Մհերի երազանքն էր ինծի հետ պատրաստել, իսկ իմ երազանքն է իմ փորձը փոխանցել տաղանդաւոր երիտասարդ սերունդին, այս առումով Մհերը դեռ երիտասարդ ալ չէ, ան տակաւին պատանի է, բայց, այնուամենայնիւ, իմ երազանքն ալ կատարուեցաւ, որու համար շնորհակալութիւն քեզի, Մհեր»։

«Մհերի ապագան փայլուն է, իսկ այժմ ան կը պատրաստուի մասնակցիլ տոլմայի փառատօնին: Իր մանկական անմիջականութեամբ ու պարզութեամբ Մհեր կը ծրագրէ նաեւ իր ապագան. կ՚ուզէ դառնալ յայտնի խոհարար եւ Սեւանի մէջ բանալ ճաշարան», նշեց Արմինէ Ղուկասեան:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 19, 2020