ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՄԱՀԱՓՈՐՁ

ՄԱԿ-ի կողմէ ստեղծուած Լիբանանի յատուկ ատեանը երէկ արձակեց իր վճիռը՝ այդ երկրի նախկին վարչապետներէն Ռաֆիք Հարիրիի դէմ կատարուած մահափորձին շուրջ։ Հոլանտայի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ վերջին դատական նիստը, որ տեւեց աւելի քան չորս ժամ։ Աւարտին, երեկոյեան ժամերուն հրապարակուեցաւ վճիռը, որով յանցաւոր նկատուեցաւ մեղադրեալներէն Սելիմ Ճեմիլ Այեաշ։ Այս վերջինը «Հիզպուլլահ»ի անդամ է։ Նոյնպէս «Հիզպուլլահ»ի անդամ միւս երեք մեղադրեալները անպարտ արձակուեցան դատարանին կողմէ։ Դատակազմը այս մասին յայտնեց, որ բաւարար չափով ապացոյցներ գոյութիւն չունին զանոնք պատժելու համար։

Դատավճռին մէջ ընդգծուեցաւ, որ մահափորձի վերաբերեալ վերջնական որոշումը դէպքէն երկու շաբաթ առաջ առնուած է։ Այեաշին հասցէագրուած բոլոր մեղադրանքները ապացուցուած են դատախազութեան կողմէ։ Միջազգային ատեանը Այեաշի կրելիք պատիժը պիտի հրապարակէ 21 սեպտեմբերին։

Միջազգային ատեանի վճռին մէջ արձանագրուեցաւ, որ այդ մահափորձը ունէր քաղաքական եւ ահաբեկչական բնոյթ։ Դատարանը մատնանշեց նաեւ, որ բաւարար ապացոյցներ գոյութիւն չունին հիմնաւորելու համար Սուրիոյ ղեկավարութեան եւ «Հիզպուլլահ»ի կապը այս մահափորձին հետ։

Հարկ է նշել, որ երէկուան դատավճռի արձակումը յետաձգուած էր Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ պատահած ահաւոր պայթումին հետեւանքով։

Միւս կողմէ, Ռաֆիք Հարիրիի որդին՝ Լիբանանի նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի յայտարարեց, որ միջազգային ատեանին կողմէ արձակուած դատավճիռը կը ճանչնան։ Ան ընկերային ցանցերու միջոցաւ յայտարարեց, որ բոլոր լիբանանցիներուն նման ինքն ալ կը ձգտի, որ մեղաւորները արդար ձեւով դատուին եւ սա չի կրնար սակարկութեան նիւթ դառնալ։ «Քաղաքականութեան մէջ անպատժելիութեան շրջանը այլեւս վերջ գտած է», ըսաւ Սաատ Հարիրի։

Իր կարգին, Լիբանանի նախագահ Միշել Աունն ալ դատավճռի հրապարակուած միջավայրին մէջ հանդէս եկաւ միասնականութեան կոչով։ Ըստ իրեն, Ռաֆիք Հարիրիի դէմ կատարուած մահափորձը կը սպառնայ Լիբանանի ներքին համերաշխութեան։ Աուն մաղթեց, որ երկրէն ներս պատահած միւս քաղաքական մահափորձերու պարագային ալ արդարութիւնը հաստատուի։

Հարկ է յիշեցնել, որ «Հիզպուլլահ» չէր ճանչցած այս միջազգային ատեանը։ Այժմ, ՄԱԿ-ի դատարանը չէ յաջողած Հարիրիի սպանութեան պարագային ապացուցանել «Հիզպուլլահ»ի եւ Սուրիոյ իշխանութիւններու ուղղակի առընչութիւնը։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 19, 2020