1263 ՆՈՐ ՎԱՐԱԿԵԱԼՆԵՐ
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան հրապարակեց վերջին վիճակագրական տուեալները։ Այսպէս, Թուրքիոյ մէջ երէկ կատարուեցաւ 82 հազար 318 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 1263 նոր վարակեալ։ Նոյն ժամանակահատուածին եւս 20 հոգի զոհ գնաց համաճարակին, իսկ առողջացածներու թիւը եղաւ՝ 942։ Ներկայ դրութեամբ 703 վարակեալի կացութիւնը կը համարուի ծանր։
Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա նշեց, որ երէկ հանրութեան ներկայացուած տուեալները կը ցոլացնեն միջին հաշուով տասն օր առաջուայ վարակները։ Այսպէս, շուրջ տասն օր առաջ 1263 հոգի վարակուեցաւ այնպիսի միջավայրերու մէջ, ուր նախազգուշական միջոցները անտեսուած էին։ «Եթէ վճռակամ ըլլանք, ապա վարակին այս ուժը չենք տար», ըսաւ Ֆահրետտին Քոճա։