«THE GUARDIAN»Ի ՈՒՇԱԳՐԱՒ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԸ

Անգ­լիա­կան «The Guardian» հե­ղի­նա­կա­ւոր օ­րա­թեր­թը գրեց, թէ ԻՒ­ՆԷՍ­ՔՕ պէտք է քննա­դա­տէ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ Ջու­ղա­յի խաչ­քա­րե­րու կազ­մա­կերպուած ա­ւե­րու­մը։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, 2005 թուա­կա­նին Ատր­պէյ­ճա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ կազ­մա­կեր­պուած ձե­ւով ոչն­չա­ցուած էին հա­մա­մարդ­կա­յին ժա­ռան­գու­թեան այդ կա­րե­ւոր ու անկրկ­նե­լի ար­ժէք­նե­րը։

Յի­շեալ թեր­թին մէջ հրա­պա­րա­կուած յօ­դուա­ծին մէջ ա­մե­րի­կա­հայ քա­ղա­քա­գէտ եւ ի­րա­ւա­բան Սի­մոն Մա­ղա­քեան նշեց, թէ մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան մի­տում­նա­ւոր ոչն­չա­ցու­մը պէտք է տա­րա­ծուի նաեւ ԻՒ­ՆԷՍ­ՔՕ-ի նուի­րա­տու­նե­րուն վրայ։ Յօ­դուա­ծա­գի­րը շեշ­տած է, թէ Փալ­մի­րա­յի մշա­կու­թա­յին կո­թող­նե­րու ոչն­չա­ցու­մը ցնցած է ԻՒ­ՆԷՍ­ՔՕ-ն, սա­կայն մինչ այդ կա­ռոյ­ցը լռու­թիւն պահ­պա­նած էր Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ հայ­կա­կան միջ­նա­դա­րեան 2 հա­զար խաչ­քա­րե­րու ոչն­չաց­ման ժա­մա­նակ։

Ատր­պէյ­ճա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կը ժխտէ հայ­կա­կան եւ քրիս­տո­նէա­կան մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թիւն հան­դի­սա­ցող այդ խաչ­քա­րե­րուն բնաջն­ջու­մը՝ հա­կա­ռակ այդ փաս­տը հաս­տա­տող տե­սա­նիւ­թե­րուն, ո­րոնք նկա­րա­հա­նուած էին Ի­րա­նի սահ­մա­նէն։ Ատր­պէյ­ճան մեր­ժած է նաեւ հե­տաքն­նու­թիւն կա­տա­րե­լու պա­հանջ­նե­րը։ Ար­բա­նեա­կա­յին լու­սան­կար­ներն ալ կ՚ա­պա­ցու­ցա­նեն այդ խաչ­քա­րե­րուն 2005 թուա­կա­նէն վերջ ան­հե­տա­ցած ըլ­լա­լը։ 

ԻՒ­ՆԷՍ­ՔՕ կը շա­րու­նա­կէ լռու­թիւն պա­հել այս կա­պակ­ցու­թեամբ։ Ա­ւե­լի՛ն, կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ հա­մա­գոր­ծակ­ցիլ Ատր­պէյ­ճա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան հետ եւ 2013 թուա­կա­նին ան 5 մի­լիոն ա­մե­րի­կեան տո­լար նուի­րա­տուու­թիւն մը ստա­ցած է Ատր­պէյ­ճա­նէն։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 19, 2015