ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒ
Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք-Վալթէր Շթայնմայէր երէկ շփումներ ունեցաւ Անգարայի մէջ։ Ան ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ երկրի ղեկավարութեան կողմէ։ Օրուան տեւողութեան ան մէկտեղուեցաւ Արտաքին գործոց նախարար Ֆերիտուն Սինիրլիօղլուի հետ, նաեւ այցելեց Պէշթէփէ։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի առընթեր Վարչապետ Ահմէտ Տավուօղլու եւս հանդիպեցաւ գերման նախարարին հետ։ Նախագահական պալատին մէջ տեղի ունեցած զրոյցին մասնակցեցաւ նաեւ Սինիրլիօղլու։ Շթայնմայէր, որ ընկերվարական մըն է, մէկտեղուեցաւ նաեւ ՃՀՓ-ի կուսակցապետ Քեմալ Քըլըչտարօղլուի հետ։
Կը հաղորդուի, որ բանակցութիւններու ընթացքին առաջնահերթօրէն օրակարգի վրայ եկան Սուրիայէն ստիպողաբար արտագաղթածներու վերաբերեալ խնդիրները։ Սինիրլիօղլու եւ Շթայնմայէր գաղթականներու հարցերուն առընթեր շօշափեցին նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի հարցը։ Հիւր նախարարը այս կապակցութեամբ շեշտեց, թէ Սուրիայէն ապաստանածներու հարցին շուրջ Թուրքիոյ ստանձնած դերակատարութիւնը արժանի է դրուատիքի։ Շթայնմայէր ընդգծեց, թէ Եւրոմիութիւնը որոշում կայացնելու փուլի մէջ է՝ գաղթականներուն ապաստան տուած երկիրներուն ի նպաստ օժանդակութիւն ցոյց տալու համար։ Բաց աստի, գերմանական կողմը կը պատրաստուի այս խնդիրը օրակարգի վրայ բերել թէ՛ ՄԱԿ-ի Փախստականներու գերագոյն յանձնակատարին եւ թէ G-7-ի մօտ, որու շրջանային նախագահի պաշտօնը կը վարէ ներկայիս։
ԵՐԵՔՆ ԱԼ ՄԻՇՏ ԹԵԿՆԱԾՈՒ
Նոյեմբերի 1-ին կայանալիք ընտրութիւններուն ընդառաջ կուսակցութիւնները երէկ իրենց թեկնածուներու ցուցակները ներկայացուցին Բարձրագոյն ընտրական խորհուրդին։ Յունիսի 7-ին տեղի ունեցած ընտրութիւններէն վերջ խորհրդարան մուտք գործած հայազգի երեք երեսփոխաններն ալ դարձեալ առաջադրուած են թեկնածու։ ԱՔ կուսակցութենէն Մարգար Էսաեան, ՃՀՓ-էն Սելինա Տողան եւ ՀՏՓ-էն Կարօ Փայլան դարձեալ պիտի մասնակցին ընտրապայքարին։ Մինչ Սելինա Տողան եւ Կարօ Փայլան պահած են իրենց դիրքը յառաջատար կարգերու վրայ, Իսթանպուլի Բ. շրջանին մէջ Մարգար Էսաեան թեկնածու ցոյց տրուած է 14-րդ կարգի վրայ՝ անցեալ անգամուան 12-րդին փոխարէն։