ԴԵՍՊԱՆԻՆ ՀԵՏ ԶՐՈՅՑ

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան ե­րէկ ըն­դու­նեց Ե­րե­ւա­նի մօտ Եւ­րո­միու­թեան պա­տուի­րա­կու­թեան նո­րան­շա­նակ ղե­կա­վար դես­պան Փիո­թըր Սվի­թալս­քին, որ յանձ­նեց իր հա­ւա­տար­մա­գի­րը։ Ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ գտնուե­ցան Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան եւ այլ բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­ներ։ Զրոյ­ցի տե­ւո­ղու­թեան քննար­կուե­ցան Հա­յաս­տան-Եւ­րո­միու­թիւն յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զա­րա­գաց­ման հե­ռան­կար­նե­րը եւ ա­նոնց հա­մար ի­րա­ւա­կան նոր հիմք մը պատ­րաս­տե­լու մա­սին խնդիր­նե­րը։

Միւս կող­մէ, Սերժ Սարգ­սեան ե­րէկ այ­ցե­լեց Մոս­կուա­յի «Լո­մո­նո­սով» պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի նո­րա­հաս­տատ մաս­նա­ճիւ­ղը։ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան, Կրթու­թեան ու գի­տու­թեան նա­խա­րար Ար­մէն Ա­շո­տեան, Գի­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին ա­կա­դե­միոյ նա­խա­գահ ա­կա­դե­մի­կոս Ռա­դիկ Մար­տի­րո­սեան եւ այլ բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­ներ ներ­կայ գտնուե­ցան այս այ­ցե­լու­թեան։

Վե­րա­տե­սուչ Վիք­թոր Սա­տով­նի­չիի ու­ղեկ­ցու­թեամբ Սերժ Սարգ­սեան ծա­նօ­թա­ցաւ այս բարձ­րա­գոյն ուս­ման հաս­տա­տու­թեան հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն եւ ծրագ­րե­րուն։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 19, 2015