ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՌՈՒԼԷԹԸ ԵՒ ՎՏԱՆԳՈՒԱԾ ՀԱԼԷՊԸ
Գալիք օրերը կրնան ծանրակշիռ ըլլալ Սուրիոյ մէջ ընթացող պատերազմական գործողութիւններուն առընթեր: Այսինքն թէժացում Դամասկոսի մէջ: Թէժացում Հոմս-Դամասկոս գլխաւոր ճանապարհին վրայ եւ թէժացում Հալէպի մէջ: Մինչ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները կը շարունակէ խոր անհանգստութիւն արտայայտել ռուսական զէնքերու գոյութեան մասին, անդին ռուս պատասխանատուներ կը շարունակեն անդրդուելի մնալ եւ պաշտպանել Սուրիոյ իշխանութիւններուն նեցուկ կանգնելու իրենց կեցուածքները: Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր հրապարակած հաղորդագրութեամբ կը խօսի ռուսական վեց արդիական թանքերու մասին, որոնք տեղակայուած են Սուրիոյ բանակին տիրապետութեան տակ եղող օդակայանի մը մէջ:
Մինչեւ այս պահը սակայն Ռուսաստանի կողմէ տրամադրուած զէնքերուն որակին մասին խօսք չկայ: Այդ մասին լրատուական աղբիւրներ կրնան գրել աւելի ուշ, երբ զինուորական թէժ բախումները «արդիւնք տան» եւ ռուսական «կարմիր բանակ»ի ջոկատներ յաջողին լայնցնել Սուրիոյ կառավարական ուժերուն ընդհանուր ապահովական գօտիները:
Թէեւ քաղաքական առումով, որոշ տեղքայլի մը նախանշանները կան, սակայն ստոյգ է, որ թէ՛ Միացեալ Նահանգներ եւ թէ Ռուսաստան կը պատրաստուին ամէն գնով «Ժընեւ 3» մը կազմակերպել: Իսկ մինչ այդ չի բացառուիր, որ զինուորական «ռուսական» տեղաշարժը յաւելեալ դրական միաւորներ տրամադրէ Մոսկուային, որ իր կարգին պիտի փորձէ օգտուիլ պատերազմական գետնի վրայ ստեղծուած նոր վիճակէն եւ այդ դրական միաւորները օգտագործէ բանակցութեանց սեղանին համար:
Բանակցութիւններու մասին խօսելու պահուն ուշագրաւ է «Ալ Հայաթ» պարբերականի (Լոնտոն) լիբանանցի գլխաւոր խմբագիր՝ Ղասսան Շարպէլի ստորագրած յօդուածը, ուր ան անթաքոյց կերպով կը ներկայացնէ սէուտցի բարձրաստիճան զինուորականի մը եւ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ կայացած հանդիպման կարեւոր մանրասմասնութիւնները: Ըստ «Ալ Հայաթ»ի խմբագրին, Ռուսաստանի նախագահը սէուտցի սպային հետ հարցարդական ոճով մը խօսելով հարց տուած է, թէ արդեօք Պեշար Էսատ ծրագի՞ր ունի ալեւի (եւ ոչ միայն ալեւի) բնակիչներով Սուրիոյ ծովային աւաններուն վրայ ստեղծել 7 միլիոն բնակչութիւն հաշուող անկախ տարածք մը:
Այս հարցումին մէջ Փութին կը խօսի բաւական իրատեսական շեշտով մը, որովհետեւ գրանցուող զարգացումները ցոյց կու տան, որ բաւական դժուար է, չըսելու համար անկարելի է, որ Սուրիոյ ազգային բանակը վերատիրանայ ահաբեկչական խմբաւորներուն տիրապետութեան տակ անցած սուրիական շրջաններուն:
Այս ծրագրի իրականացման առընթեր մտահոգիչ է այն, որ միւս բոլոր հատուածները պիտի շարունակեն մնալ ծանր բախումներու թատերաբեմ ու նոյն առումով վտանգ կայ, որ այդ շրջանները ապրին ընդհանուր գործընթաց մը:
Այս վիճակը ոչ ոքի համար ձեռնտու է, բայց եւ այնպէս տիրող դրութիւնը կը մատնէ, որ քաղաքական լուծումներու հանգրուանը ամէն օր աւելի կը հեռանայ, հակառակ Սուրիոյ հարցերով ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչ Սթեֆան Տէ Միսթուրայի հերթական անգամ կրկնած խօսքերուն, ըստ որոնց սուրիական տագնապին լուծումը պիտի ըլլայ բացառապէս քաղաքական ճանապարհով:
Ռուսական կողմին ըրած միջամտութիւններու ընդհանուր հոլովոյթին մէջ կայ նաեւ փոքրամասնութիւններուն (հայ, յոյն, մարոնիթ, ասորի եւ գաղթէացի) պաշտպանութեան խնդիրը: Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցւոյ մէկէ աւելի պատասխանատուներ այդ մասին կը խօսին: Եւ այս առումով որեւէ դրական միջամտութիւն պիտի արժանանայ Հռոմի Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապին, հետեւաբար նաեւ կաթոլիկ աշխարհին դրական արձագանգներուն:
Կը մնայ եւրոպական ընտանիքին որոշումը, որ այս օրերուն կ՚ապրի բաւական շոքային իրավիճակ մը: Մինչ ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերով զբաղող մարմիններ կը յայտնեն, որ մինչեւ յառաջիկայ տարուան սկիզբը Եւրոպա հասած գաղթականներուն թիւը կրնայ հասնիլ 1 միլիոնի, անդին սուրիացի գաղթականներու հոսքը եւ հակառակ մահուան ելքերով ծանր արկածներու անդադրում կերպով կը շարունակուի:
Հիմա կը մնայ հարցումը, արդեօք Ռուսաստան արդէն որոշ հասկացողութեան մէջ է, որ Նախագահ Պեշար Էսատ նոր ձեւաչափով պիտի շարունակէ՞ իր իշխանութիւնը Սուրիոյ մէջ, կամ թէ ներկայ հանգրուանին համաձայնութիւններու բացակայութեան հետեւանքով ալեւի նախագահին պիտի տրուի կարեւոր հնարաւորութիւն մը՝ ստեղծելու համար համայնքային դրոյթով կարավառուող փոքր Սուրիա մը:
Այստեղ Հալէպի մասին խօսք չկայ: Ու երեւելի է, որ Հալէպ բոլոր հաշիւներէն դուրս է:
Հայոց նախկին բերդաքաղաքին ապագան լրջօրէն վտանգուած է ու այս մասին պէտք է աւելի երկար մտածեն, ոչ միայն Հալէպի մէջ «բանտարկուած» ու իրենց կեանքը ամէն գնով շարունակել փորձող մեր հայրենակիցները (անոնք մտածելու առիթ անգամ չունին), այլ Սփիւռքի եւ յատկապէս Հայաստանի քաղաքական պատասխանատուները:
ՀԱԼԷՊԻ ԾԱՅՐԱՄԱՍԵՐԸ ԿՐԱԿԷ ՕՂԱԿԻ ՏԱԿ. ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԹԱՂԱՄԱՍԵՐԸ ՀԱՆԳԻՍՏ ԵՆ
Հալէպի հայկական շրջանները կը գտնուին համեմատաբար բնականոն իրավիճակի մը մէջ: Այս մասին մեզի յայտնած է Հալէպի Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Լազար Նազարեան-Գալուստ Կիւլպէնեան վարժարանի տնօրէն Գայիանէ Թիւնպէլեան: Տնօրէնուհին նշեց, որ անցնող օրերուն (վերամուտը 15 Սեպտեմբերին էր) դպրոցները բնականոն կերպով բացած են իրենց դռները եւ աշակերտութիւնը սովորականին պէս մասնակցած է դասաւանդութիւններուն: Թիւնպէլեան փոխանցեց նաեւ, որ արդէն շաբաթ մըն է, որ քաղաքին մէջ կը շարունակուին ջուրի եւ ելեկտրականութեան տագնապները, բայց եւ այնպէս քաղաքացիները, որոնց կարգին նոյնպէս հալէպահայերը, յաւելեալ կարգադրութիւններ ըրած են դիմակայելու համար ջուրի եւ ելեկտրականութեան սուր տագնապներուն: Վերջին ժամերուն համացանցի դրութիւնը ընդհանրապէս դադրած է գործելէ եւ Հալէպի հետ կապ հաստատելու միակ միջոցը հեռախօսային համակարգն է: Նշենք, որ անցնող ժամերուն Հալէպի շրջակայ շրջանները եւ յատկապէս «Հալապ Ալ Ժատիտ» շրջանը թիրախ դարձած էր ահաբեկիչներու հրթիռարձակումներուն: Այս մասին լուր հաղորդած էր նաեւ «Րէօյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը՝ նշելով, թէ «Հալապ Ալ Ժատիտ» շրջանին դէմ գրանցուած ռմբահարումներուն հետեւանքով զոհուած են շուրջ քառասուն անձեր, որոնց տասնհինգը անչափահաս երախաներ են: Գայիանէ Թիւնպէլեան հաղորդեց նաեւ, որ հալէպահայերու մօտ խուճապի տրամադրութիւններ չկան եւ կեանքը կը շարունակուի այլ թէժ շրջաններու համեմատ բնականոն հունով մը: Տեղին է նշել, որ տարբեր լրատուական ցանցեր տեղեկութիւններ կը փոխանցեն, որ յատկապէս ռուսական զինուորական օժանդակութիւններուն եւ նեցուկին հետ համընթաց ընդդիմադիր ջոկատներ կը պատրաստուին զինուորական լայնածաւալ գործողութիւններու սկսիլ Հալէպի ուղղութեամբ, բայց մինչեւ այս պահը այդ վտանգաւոր լուրին նախանշանները երեւելի չեն:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան