ՎԻՐԱՀԱՅՈՑ ՄԱՍԻՆ ՅՕԴՈՒԱԾ

«The Tbilisi Times» վրա­ցա­կան թեր­թը ծա­ւա­լուն յօդուած մը հրա­պա­րա­կեց Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Վի­րա­հա­յոց Թե­մի գոր­ծու­նէու­թեան շուրջ։ Այս յօ­դուա­ծին կցուած են նաեւ շարք մը լու­սան­կար­ներ։

Ներ­կա­յաց­նե­լով թե­մի պատ­մու­թիւ­նը՝ վի­րա­հա­յոց ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը շեշ­տած են, որ ա­նոր կը հե­տե­ւին Վրաս­տա­նի մէջ բնա­կող ա­ւե­լի քան 350 հա­զար վի­րա­հա­յե­րը, ո­րոնց մե­ծա­մաս­նու­թեան հա­մար ե­կե­ղե­ցին վե­րա­ծուած է երկ­րորդ տան մը։ Թե­մի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը ման­րա­մասն ներ­կա­յա­ցու­ցած են Վրաս­տա­նէ ներս հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րու առ­կայ խնդիր­նե­րը։ Ա­նոնք անդ­րա­դար­ձած են այս հար­ցին վե­րա­բե­րեալ Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ դիր­քո­րոշ­ման ու խօ­սած են այն ցան­կին մա­սին, որ թե­մին կող­մէ ներ­կա­յա­ցուած է վրաց հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նոր­դին՝ Վրաս­տա­նի տա­րած­քէն ներս գոր­ծող ու խո­նար­հուած հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րը ետ ստա­նա­լու պա­հան­ջով։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 19, 2015