ՀԱՍՈՒՆԱՑՄԱՆ ՔԱՅԼԵՐ

Երեւանի մէջ, երէկ, ամենաբարձր մակարդակի վրայ աչքէ անցուեցան Համահայկական խորհուրդի ստեղծման վերաբերեալ աշխատանքները։ Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ համաժողովի շրջանակին մէջ քննարկումներ ծաւալուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորութեամբ։ Համահայկական 6-րդ համաժողովը առիթ հանդիսացաւ՝ որպէսզի Համահայկական խորհուրդի ստեղծման ճանապարհին առնուին հասունացման քայլեր։

Համահայկական 6-րդ համաժողովի բացման լիագումար նիստէն վերջ, «Կարէն Տեմիրճեան» մարզահամերգային համալիրէն ներս, սկսան ծրագրով նախատեսուած թեմաթիք քննարկումները։ Այս ամբողջին մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ Համահայկական խորհուրդի վերաբերեալ խորհրդակցութիւնը։ Մինչ միւս թեմաթիք քննարկումները բաց էին բոլոր փափաքողներուն համար, այս մէկը բացառապէս արդէն փակ քննարկում մըն էր։ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորութեամբ կազմակերպուած խորհրդակցութեան մասնակիցներուն թիւը սահմանափակուած էր հազիւ քանի մը տասնամեակով։ Նախագահի կողքին էին Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը՝ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը, Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը, Հայաստանի Սահմանադրական ատեանի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեան։ Այս գլխաւոր դէմքերուն առընթեր Հայաստանէն կարգ մը բարձրաստիճան պաշտօնատարներ եւ սփիւռքի շարք մը յառաջատար կազմակերպութիւններու ղեկավարներ մասնակցեցան երէկուան ժողովին։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Համահայկական խորհուրդի ստեղծման վերաբերեալ թեմաթիք քննարկման ընթացքին ելոյթով մը հանդէս եկաւ Սերժ Սարգսեան։ Այս առթիւ ան ըսաւ. «Ոեւէ մէկը թող չմտածէ, որ հնարաւոր է կամ կարիք կայ կեդրոնաձիգ, բրգաձեւ կազմակերպութիւն մը ստեղծելու»։

Իր խօսքէն վերջ Սերժ Սարգսեան ժողովականներու նկատառման յանձնեց, որ Սահմանադրական ատեանի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեան ծաւալուն աշխատանք կը կատարէ Համահայկական խորհուրդի ստեղծման ճանապարհին։ Ան համապատասխան կարգադիր յանձնախումբի գլուխը նշանակուած էր արդէն շուրջ երեք տարի առաջ եւ այդ ընթացքին որոշ չափով արդէն հասունցած էին աշխատանքները։ Երէկ եւս, Սերժ Սարգսեանի խօսքէն վերջ ծաւալուն զեկուցումով մը հանդէս եկաւ Գագիկ Յարութիւնեան, որ ժողովականներուն նկատառման յանձնեց ցարդ կատարուած աշխատանքները եւ յառաջիկայ ուղղութիւնը բնորոշելու համար տեղի ունեցան կարծիքի փոխանակումներ, ինչպէս նաեւ սկզբունքներու շուրջ խորհրդածութիւններ։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 19, 2017