ՆՈՐ ԵՌԱՆԴ ՈՒ ՆՈՐ ՃԻԳԵՐ

Երեւանի մէջ կազմակերպուած Համահայկական 6-րդ համաժողովը այսօրերուն կ՚արժանանայ համայն հայութեան անմիջական ուշադրութեան։ Քաղաքամայր Երեւանի վրայ կեդրոնացած է հայաշխարհի ուշադրութիւնը, ուր Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ համաժողովը կ՚ընթանայ՝ «Փոխադարձ վստահութիւն, միասնականութիւն եւ պատասխանատուութիւն» կարգախօսով։ Համահայկական օրակարգի խնդիրները թէեւ երկար ժամանակէ ի վեր կը թուին մնալ նոյնը, սակայն յարափոփոխ ժամանակներու պայմաններուն մէջ անոնք կը ստանան նոր երանգներ, անոնց վրայ կ՚աւելնան նոր երեսակներ։ Այս պայմաններուն ներքեւ նոր եռանդով ու նոր ճիգեր գործադրելու հրամայականին առջեւ կազմակերպուած է Համահայկական 6-րդ համաժողովը։

Երէկ առաւօտ, Երեւանի «Կարէն Տեմիրճեան» մարզահամերգային համալիրի երդիքին տակ բացուեցաւ Համահայկական 6-րդ համաժողովը։ Բացման հանդիսաւոր լիագումար նիստին ընթացքին նախ ժողովականները ողջունեց Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, որու անմիջական վերահսկողութեան ներքեւ կատարուած էին կազմակերպչական բոլոր աշխատանքները։ Հրանոյշ Յակոբեանի ողջոյնի խօսքէն վերջ բացման աղօթքը արտասանեց Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը՝ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը, որ ժողովը օրհնելէ վերջ համայն հայութեան ներկայացուցիչներուն փոխանցեց նաեւ իր հայրապետական պատգամը։ Աւելի վերջ արտայայտուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան։ Բացման լիագումար նիստի ընթացքին իր պատգամը փոխանցեց նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը։ Այսպէսով բացման լիագումար նիստի ծրագիրը հասաւ իր աւարտին։ Օրուան երկրորդ կէսէն սկսեալ համաժողովի շրջանակներէն ներս ծաւալուեցան թեմաթիք քննարկումներ։ Այդ քննարկումները կը վերաբերէին բազմաբնոյթ նիւթերու. օրինակ՝ Հայաստանի տնտեսական զարգացման հեռանկարները, արտաքին քաղաքականութեան օրակարգը, պաշտպանունակութիւնը, հայապահպանութեան խնդիրները եւ այլն։ Թեմաթիք քննարկում մըն ալ կազմակերպուեցաւ Համահայկական խորհուրդի ստեղծման նիւթին շուրջ, սակայն այս մէկը փակ քննարկում մըն էր եւ այս մասին յարակից սիւնակներուն մէջ հրատարակած ենք առանձին լուր մը։

Համաժողովի երէկուան բացման լիագումար նիստին ընթացքին Սերժ Սարգսեան հանդէս եկաւ ծաւալուն ելոյթով մը։ Ան Հայաստանի տեսակէտէ քանի մը հրատապ խնդիրներ առանձնացուց իր ելոյթին մէջ եւ այդ առանձնացուած խնդիրները արդէն ինքնաբերաբար կ՚ուրուագծէին նաեւ Հայաստան-Սփիւռք համագործակցութեան յետագայ առանցքները։ Սերժ Սարգսեան մասնաւորապէս շեշտեց, որ կը նախատեսեն 2040 թուականին Հայաստանի բնակչութիւնը հասցնել 4 միլիոնի սահմանին։ Սա պիտի ըլլայ թէ՛ ծնելիութեան մակարդակի բարձրացման, ծնելիութիւնը խրախուսելու ուղղեալ ծրագրերով եւ թէ միեւնոյն ժամանակ քաջալերելով հայրենդարձութիւնը։ Այս նիւթին վերաբերեալ իր տուած բացատրութիւնները ուշադրութեամբ ընկալուեցան ժողովականներուն կողմէ։

Բաց աստի, նախագահ Սարգսեան բնականաբար խօսեցաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին շուրջ։ Ան ընդգծեց հայկական կողմին դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ շեշտեց նաեւ վճռակամութիւնը, որու հիման վրայ Երեւան կը փորձէ ապահովել հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորումը։ Իր ելոյթին մէջ Սերժ Սարգսեան անդրադարձաւ նաեւ Թուրքիոյ կողմէ Հայաստանի շրջափակուած ըլլալու կացութեան։ «Այս բարդ տարածքաշրջանէն ներս մենք տակաւին պարտադրուած ենք ապրելու շրջափակման տակ», ըսաւ Սերժ Սարգսեան։

Իր ելոյթի աւարտին Սերժ Սարգսեան ամփոփում մը ըրաւ Հայաստանի անցեալ 26 տարիներու անկախութեան մասին ու շեշտեց. «Նախորդ 26 տարիներու ընթացքին մենք տակաւին կ՚իւրացնէինք անկախ պետականութիւն ունենալու հանգամանքէն բխող բոլոր հնարաւորութիւնները եւ կը բացայայտէինք գործակցութեան նոր հորիզոններ։ Հայաստանը պիտի ըլլայ աշխարհի լիարժէք համարկած, ուժեղ, զարգացած ու հպարտ երկիր։ Սա է մեր տեսլականը»։

Բացման լիագումար նիստէն վերջ, երէկ օրուան տեւողութեան զանազան աշխատանոցներու ամբողջին մէջ հետաքրքրական ելոյթներ ունեցան Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան, Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան, Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, որոնց բոլորն ալ հետաքրքրական ու մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեցին իրենց բնագաւառներու ընդհանուր կացութեան շուրջ։

Համահայկական 6-րդ համաժողովի այս առաւօտեան աշխատանքները շարունակուեցան Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի ունեցած ելոյթով։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 19, 2017