ԱՌԱՋՆԱԳԾԻ ՎՐԱՅ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Արցախ, ուր յայտարարեց. «Մենք պատրաստ ենք բանակցութիւններու, բայց պատրաստ ենք նաեւ պատերազմի»։

Նիկոլ Փաշինեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ այցելեցին առաջնագիծ։ Աշխատանքային խոր-հըրդակցութեան մասնակցեցան նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի պաշտպանութեան նախարարները՝ Դաւիթ Տօնոյեան եւ Լեւոն Մնացականեան, ինչպէս նաեւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։ «Առաջնագծի վրայ ընդհանուր առմամբ կացութիւնը բաւական լարուած է, բայց կարելի է իրավիճակը կայուն համարել եւ վերահսկելի։ Հայաստանի զինեալ ուժերը եւ Արցախի պաշտպանութեան բանակը կը վերահսկեն իրավիճակը։ Յստակ արձանագրեցինք, որ որեւէ կասկած չկայ, թէ մեր զինեալ ուժերը վստահօրէն կը վերահսկեն իրավիճակը եւ անհրաժեշտ պատասխանը կու տան Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու սադրանքներուն։ Բայց, սա չի նշանակեր, որ մենք կ՚ուզենք պատերազմ կամ պատերազմ կը հրահրենք, մենք պատրաստ ենք բանակցութիւններու։ Արցախի նախագահի հետ այս դիրքորոշումը նոյնպէս քննարկեցինք, ան նոյնպէս պատրաստ է պատերազմի։ Մենք պատրաստ ենք բանակցութիւններու, բայց մենք պատրաստ ենք նաեւ պատերազմի։ Սա պէտք է արձանագրեն թէ՛ Հայաստանի մէջ եւ թէ Հայաստանէ դուրս։ Մեր վստահութիւնը հիմնուած է մեր զինեալ ուժերու, մեր ժողովուրդի վստահութեան եւ այսօր հաստատուած բացառիկ միասնականութեան վրայ», ըսաւ Փաշինեան։

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան յայտարարեց, որ Երեւան հաւատարիմ կը մնայ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, նախարարը յիշեցուց, որ հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային խաղաղ գործընթացի՝ ձեւաւորուած եւ միջազգային հանրութեան կողմէ ընդունուած ձեւաչափն է ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութիւնը։

Զօհրապ Մնացականեան վերջին օրերուն այցելեց Արցախ։ Ստեփանակերտի մէջ ան հիւրընկալուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի ղեկավարութեան կողմէ։ Ուղեւորութեան ընթացքին նախարար Մնացականեան հանդէս եկաւ նաեւ յայտարարութիւններով։ Անդրադառնալով կարգաւորման գործընթացին՝ Զօհրապ Մնացականեան ըսաւ. «Այո՛, սա շարունակական գործընթաց մըն է եւ պիտի ըլլայ։ Արդէն անգամ մը նշած եմ, կրկնեմ, որ կը յարգեմ նման գործընթացի մը մէջ աշխատելու կանոնները եւ այդ կանոններէն մէկը նաեւ համաձայնեցուած կերպով յայտարարելն է հանդիպման օրը, ժամը, վայրը։ Վստահ եղէք, թէ այդ բոլորը կը կատարուի համաձայնեցուած իսկ ձեւով եւ հասանելի կ՚ըլլայ բոլորին»։

Մնացականեան այս յայտարարութիւնը ըրաւ՝ խօսելով Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի հետ հաւանական տեսակցութեան շուրջ։

Անդրադառնալով Ատրպէյճանի մէջ վերջերս սկսած զօրավարժութիւններուն՝ նախարարը ըսաւ. «Մենք մշտապէս կ՚ընդգծենք այն կարեւոր հանգամանքը, որ եթէ մենք լրջօրէն շարժուինք դէպի խաղաղ կարգաւորում, իսկ բոլորիս համար սա բացառապէս խաղաղ կարգաւորում մըն է, բացառապէս բանակցութիւններու միջոցաւ եւ բացառապէս Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան շրջանակներէն ներս, այս կարեւոր գործօնները ենթակայ են գործնական առումով իսկական իրականացման, երբ մենք կ՚աշխատինք խաղաղութեան նպաստող մթնոլորտի մը ձեւաւորման ուղղութեամբ։ Այն, ինչ որ կատարուած է այս շրջանին, որեւէ կերպ չի նպաստեր նման միջավայրի ձեւաւորման՝ թէ՛ հռետորաբանութեան առումով եւ թէ առաւել եւս, գործողութիւններու առումով։ Սա դատապարտելի եւ անընդունելի է, երբ մենք ունինք լարուածութեան նշաններ, ունինք խաղաղ բնակիչները թիրախաւորելու գործողութիւններ։ Սա բնականաբար անընդունելի է։ Մենք յստակ նշած ենք, որ թէ՛ Հայաստան եւ թէ Արցախ պաշտպանուելու ընդունակ են, բայց սա մեր նպատակը չէ։ Մենք ամէն ձեւով պէտք է խուսափինք ճգնաժամերէ, պէտք է խուսափինք այնպիսի իրավիճակէ մը, որ պարզապէս կրնայ այս տարածքաշրջանը աղէտի տանիլ։ Այդպէսով ոչ ոք պիտի յաղթէ կամ պիտի պարտուի։ Այս բանը պէտք է շատ յստակ գիտակցիլ։ Անընդունելի է, դատապարտելի եւ լրջօրէն կը վնասէ խաղաղ գործընթացին»։

Զօհրապ Մնացականեանի այս յայտարարութիւնները կը կարեւորուին այլ առումով, որ Հայաստանի զանազան շրջանները վերջին օրերուն թիրախաւորուած են Ատրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ սահմանամերձ շրջաններէ ներս կացութիւնը հանդարտ է։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, վերջին օրերուն Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ ղարաբաղեան հակամարտութեան շուրջ խօսեցաւ՝ մասնաւորապէս դէպի Փարիզ աշխատանքային այցելութեան օրերուն։ Նոյն շրջանին Le Monde ֆրանսական յայտնի օրաթերթին մէջ հրատարակուեցաւ նաեւ իր հետ հարցազրոյց մը։ Նիկոլ Փաշինեան շեշտեց, որ Պաքու պէտք է հետաքրքրուած ըլլայ Լեռնային Ղարաբաղի հետ հնարաւորինս շուտ բանակցելու։ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ առկայ դիւանագիտական փակուղիի յաղթահարման հաւանական եզրերուն շուրջ խօսելով՝ Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ.

«Դիտարկենք այն իրավիճակը, որ կայ։ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կը փափաքին տպաւորութիւն ստեղծել, թէ Լեռնային Ղարաբաղ պէտք է Ատրպէյճանի տարածքին մէջ ըլլայ։ Բայց անոնք կը փափաքին այդ նպատակին հասնիլ՝ առանց Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւններու հետ երկխօսելո՞ւ։ Ես չեմ հասկնար՝ ո՞րն է այստեղ տրամաբանութիւնը։ Ըսել, թէ Լեռնային Ղարաբաղ պէտք է ըլլայ Ատրպէյճանի հետ նոյն պետութեան կազմին մէջ, բայց չցանկանալ այդ մասին խօսիլ անոր հետ։ Ատրպէյճան ինքզինքին հետ կը հակասէ։ Եթէ Պաքու կը փափաքի ապրիլ Լեռնային Ղարաբաղի հետ նոյն պետութեան կազմին մէջ, ապա պէտք է հետաքրքրուած ըլլայ հնարաւորինս շուտ բանակցիլ Լեռնային Ղարաբաղի հետ եւ կամ Պաքու կը փափաքի Լեռնային Ղարաբաղը ձեռք բերել առանց այնտեղ ապրող մարդոց։ Սա կը նշանակէ, որ Ատրպէյճան կը փափաքի արտաքսել Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչները եւ կամ բնաջնջել զանոնք։ Արդեօք Պաքու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ նոր ցեղասպանութեա՞ն մը կը պատրաստուի հայոց դէմ։ Եթէ սա այսպէս է, ուրեմն Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւնները իրաւասու են պնդել, որ հայերը չեն կրնար ապրիլ նոյն պետութեան տարածքին մէջ Ատրպէյճանի հետ, որովհետեւ Ատրպէյճանի կազմին մէջ ըլլալը սպառնալիք մըն է Լեռնային Ղարաբաղի ոեւէ քաղաքացիի համար»։

Բացի Le Monde-ին տուած հարցազրոյցէն, Փաշինեան Արցախի հիմնախնդրին շուրջ վերջերս խօսեցաւ նաեւ Հայաստանի խորհրդարանի երդիքին տակ՝ պատասխանելով երեսփոխանի մը հարցման։ Այս առթիւ ան վերահաստատեց Արցախի հարցով բանակցային գործընթացի մէջ լիարժէք ներգրաւուելու իր պատրաստակամութիւնը։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ԶԱԽԱՐՈՎԱ

Միւս կողմէ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան ալ վերջին օրերուն խօսեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ։ Ռուս բանբերը յայտնեց, որ հակամարտութեան կարգաւորման համար կողմերը պէտք է համապատասխան մթնոլորտ մը ստեղծեն։ Սա անհրաժեշտ է նաեւ բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթացի մը հասնելու տեսակէտէ։ Զախարովայի խօսքով՝ Ռուսաստան պիտի շարունակէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտ կողմերուն անհրաժեշտ միջնորդական աջակցութիւն տրամադրել՝ փոխզիջումներ ապահովելու համար։ Ռուսաստանի մէջ, ի հարկէ, կ՚ուսումնասիրեն այն ամէն ինչը, որ կ՚ըսուի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան շուրջ կ՚ուսումնասիրուին երկիրներու մէջ հնչող բոլոր յայտարարութիւնները։ Բանբերը ընդգծեց, որ Մոսկուայի դիրքորոշումը անփոփոխ կը մնայ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերաբերեալ։  Ռուսաստան՝ որպէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիր, պիտի շարունակէ կողմերուն անհրաժեշտ միջնորդական աջակցութիւն տրամադրել՝ փոխզիջումներու ապահովման համար։ «Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցով Ռուսաստանի դիրքորոշումը կը մնայ անփոփոխ, մեր մեկնակէտը այն է, որ Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակը պէտք է որոշուի քաղաքական-դիւանագիտական ճանապարհով՝ հակամարտ կողմերու համաձայնութիւններու հիման վրայ», յայտնեց Զախարովա։

ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐ

Միւս կողմէ, Իսրայէլի Պաշտպանութեան նախարար Ավիկտոր Լիպերման վերջին օրերուն այցելեց Պաքու, ուր տեսակցեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի հետ։ Հարկ է նշել, որ նոյն օրերուն Լիպերման այցելած էր նաեւ Թիֆլիզ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 19, 2018