ՄԻՋԵՐԿՐԱԿԱՆԻ ԱՐԵՒԵԼՔԻՆ ԼԱՐՈՒԱԾ ՎԻՃԱԿ. ՄՈՍԿՈՒԱ ԿԸ ՄԵՂԱԴՐԷ ԻՍՐԱՅԷԼԸ

Միջերկրականի արեւելքին երէկ տեղի ունեցան ծայր աստիճան մտահոգիչ իրադարձութիւններ, որոնք միջազգային մեկնաբաններու կողմէ կ՚որակուին որպէս՝ փոքր աշխարհամարտ մը։ Լասքիէի մէջ նախընթաց գիշեր տեղի ունեցած հրթիռային յարձակումի մը հետեւանքով հինգ երկիր յանկարծ յայտնուեցաւ լուրջ տագնապի մը մէջ։ Իսրայէլի ռազմաօդային ուժերը յարձակման անցան Լասքիէի վրայ։ Մինչ այդ յարձակումները կը շարունակուէին, Ռուսաստանի ռազմաօդային ուժերու դիտորդական օդանաւ մը սխալմամբ Սուրիոյ զօրքերու թիրախը դարձաւ։ Դէպքին զոհ գնաց 15 ռուս զինուոր։ Ռուսաստան լրջօրէն ամբաստանեց Իսրայէլը, նաեւ Ֆրանսան, որովհետեւ Միջերկրականի ֆրանսական ռազմանաւու մը կողմէ ալ արձակուած էր հրթիռ մը։ Իսկ Իսրայէլ այս դէպքին կապակցութեամբ ամբաստանեց Իրանն ու Սուրիան։

Այս իրադարձութիւնը յեղաշրջեց միջազգային օրակարգը։ Մոսկուայի ղեկավարութիւնը կը պնդէ, որ Իսրայէլի ռազմաօդանաւերը թաքնուած են ռուսական օդանաւի ետին եւ այսպէսով տեղի տուած են խափանարարութեան մը, որովհետեւ ռուսական ինքնաթիռը դարձած է Սուրիոյ զօրքերու թիրախը։ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ Իսրայէլի այս խափանարարութիւնը կը համարուի Ռուսաստանի դէմ թշնամութիւն։ Թէ՛ Իսրայէլ եւ թէ Ֆրանսա մերժեցին Մոսկուայի կողմէ իրենց հասցէագրուած պնդումները։

Քրեմլինի աղբիւրներն ալ հաղորդեցին, որ ռուսական օդանաւին անկումը պիտի չազդէ Իտլիպի շուրջ Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն վրայ։

Միւս կողմէ, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտարարեց, որ Իտլիպի պարագային գոյացած՝ բախումներէ զերծ գօտիի ստեղծման համար Թուրքիա պիտի կատարէ կուտակումներ։ Սոյն գօտիի ստեղծման շուրջ ճանապարհային քարտէս մը մշակելու առաջադրութեամբ այս օրերուն քննարկումներ կը ծաւալուին Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի զինուորա-լրաքաղական միաւորումներուն կողմէ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 19, 2018