ՍՐԲԱԶԱՆ ՔԱՀԱՆԱՅԱՊԵՏԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄ ՄԸ ՀՐԱՊԱՐԱԿԵՑ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ 300-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԻՆ ԱՌԹԻՒ

Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապը շնորհաւորական պատգամ մը հրապարակեց Մխիթարեան միաբանութեան Վենետիկի Ս. Ղազար կղզիի մէջ հաստատման 300-ամեայ յոբելեանին առթիւ։ Վերջերս, Ս. Ղազար կղզիի մէջ մատուցուած Ս. Պատարագով եզրափակուեցան Մխիթարեան միաբանութեան յոբելենական տօնակատարութիւնները։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, «Վատիկան Նիուզ» տեղեկացուց, որ այս առթիւ հրապարակուեցաւ Սրբազան Քահանայապետի պատգամը։ «Մխիթար աբբահօր ջահը թող շարունակէ լուսաւորել հայ ազգի փշոտ եւ ծաղկուն ճանապարհը», նշած է Սրբազան Պապը պատգամին մէջ։

Բաց աստի, Քահանայապետը մատնանշած է, որ Մխիթարեան միաբանութիւնը իր պատմութեան 300 տարիներուն ընթացքին դիմագրաւած է զանազան դժուարութիւններ: Ան վստահեցուցած է, որ Վատիկանը մի՛շտ յատուկ ուշադրութեան արժանացուցած է Մխիթար աբբահայրն ու անոր յաջորդները, եւ այսօր եւս պատրաստ է օգնելու ու աջակցելու:

«Մխիթարեան միաբանութեան անդամներէն կը պահանջուի ըլլալ կրօնաւոր մարդիկ, որոնք ամբողջութեամբ նուիրուած են Աստուծոյ: Այդ կոչումը կարելի չէ իրականացնել՝ առանց ընկալելու եղբայրներու հետ հաղորդութեան եւ աղքատութեան, ողջախոհութեան եւ հնազանդութեան ուխտերը», ուղերձին մէջ նշած է պապը՝ աւելցնելով. «Երանելի Մխիթարը, զոր Պիոս 12-րդ պապը դասեց Արեւելեան եկեղեցիներու կրօնական կեանքի մեծ բարեկարգողներու շարքին, եղաւ հայ ազգի հաւատքի ըմբռնումին կառուցողը՝ իր ետին ձգելով հոգեւոր ու մշակութային անվերջանալի ժառանգութիւն, որ տրուեցաւ Մխիթարեան միաբանութեան՝ պահպանելու, խորացնելու ու տարածելու, ի նպաստ համայն հայ ժողովուրդի բարօրութեան»:

Պատգամի աւարտին, քահանայապետը մաղթած է, որ միաբանութեան հիմնադիր Մխիթար աբբահօր ջահը շարունակէ լուսաւորել հայ ազգի փշոտ եւ ծաղկուն ճանապարհը, Քրիստոսի հաւատքով եւ այն յոյսով, որ անոր խօսքը մշտական կեանք կը պարգեւէ:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 19, 2018