ԹՈՒՐՔԻԱ ԿԸ ՋԱՆԱՅ ԱՊԱՀՈՎԵԼ 3 ՄԻԼԻՈՆ ԱՊԱՍՏԱՆԵԱԼԻ ՍՈՒՐԻԱ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի միջեւ յառաջիկայ օրերուն Նիւ Եորքի մէջ կայանալիք հանդիպումը այժմէն սկսած է առաջնահերթօրէն զբաղեցնել Թուրքիոյ օրակարգը։ Միջազգային օրակարգի հրատապ խնդիրներուն տեսակէտէ եւս կարեւոր հանդիպում մը պիտի ըլլայ այս մէկը, որու օրակարգին կապակցութեամբ հրապարակումները այժմէն սկսած են զանգուածային լրատուութեան միջոցներու մօտ։

Էրտողան-Թրամփ հանդիպման օրակարգի առանցքային նիւթը պիտի հանդիսանայ Սուրիոյ ճգնաժամը։ Այս ամբողջին մէջ Հանրապետութեան նախագահը օրակարգի վրայ պիտի բերէ ծրագիր մը, որու բուն նպատակը պիտի ըլլայ՝ Թուրքիոյ մէջ ապաստան գտած 3 միլիոն գաղթականի Սուրիա վերադարձը։ Այս ծրագիրը ուղղակիօրէն կ՚առընչուի Սուրիոյ հիւսիսին ստեղծուելիք անվտանգ գօտիի խնդրին հետ։ Անգարայի ղեկավարութիւնը վերջին շրջանին յամառօրէն կը հետապնդէ այս խնդիրը։ Եթէ Թուրքիոյ նախատեսածին նման 30-32 քիլօմեթր խորութիւն ունենայ անվտանգ գօտին, ապա առաջին հերթին շուրջ 2 միլիոն գաղթական պիտի կարողանայ վերադառնալ Սուրիա։ Իսկ եթէ անվտանգ գօտին խորանայ ու հասնի մինչեւ Ռաքքա, ապա Սուրիա վերադառնալիք գաղթականներուն թիւը պիտի հասնի 3 միլիոնի։ Վերադառնալիք գաղթականներուն համար կը նախատեսուի նաեւ բնակարաններու կառուցում, ինչ որ պիտի խթանէ անոնց տունդարձը։

Նախագահ Էրտողան, որ 21-25 սեպտեմբերին ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր շրջանի բացման փուլի աշխատանքներուն պիտի մասնակցի, այս ծրագրին շուրջ տեղեկութիւններ պիտի տայ թէ՛ Թրամփին եւ թէ Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու ղեկավարներուն։ Էրտողան պիտի բացատրէ, որ Թուրքիա ի վիճակի չէ գաղթականաց նոր ալիք մը դիմագրաւելու։ Ան պիտի զգուշացնէ, որ գաղթականները ո՛չ միայն Թուրքիոյ, այլ նաեւ՝ Հիւսիսային Ափրիկէի վրայով կրնան հասնիլ Եւրոպա։

Միւս կողմէ, նախագահ Էրտողան Թրամփի հետ հանդիպման ընդառաջ, երէկ, հերթական անգամ վճռական պատգամներ ուղղեց ամերիկեան կողմին։ Ան կրկնեց, որ խօսքերը չեն յագեցներ թրքական կողմը, այլեւ կ՚ակնկալուին գործնական քայլեր։ Ան կրկնեց, որ եթէ յառաջիկայ երկու շաբթուան ընթացքին շօշափելի արդիւնք մը չըլլայ, ապա Թուրքիա գործադրութեան մէջ պիտի դնէ սեփական ծրագիրը։ Նախագահը խօսք ուղղեց նաեւ եւրոպական երկիրներուն։ Ան ընդգծեց, որ թէ՛ Իտլիպի եւ թէ Եւրոպայի արեւելքի հարցերուն շուրջ շատ աւելի ամուր զօրակցութիւն մը կ՚ակնկալուի անոնցմէ։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 19, 2019