ԿՌՓԱՄԱՐՏԻԿ ԱՐԹՈՒՐ ԱԲՐԱՀԱՄ ՀՐԱԺԵ՞ՇՏ ԿՈՒ ՏԱՅ ԻՐ ԱՐՀԵՍՏԱՎԱՐԺ ԱՍՊԱՐԷԶԻՆ

Արհեստավարժ կռփամարտի գերմիջին քաշային կարգի «WBO»ի վարկածով աշխարհի նախկին ախոյեան՝ Արթուր Աբրահամ, իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին խօսեցաւ իր արհեստավարժ ասպարէզին հաւանական աւարտին մասին:

Արթուր Աբրահամ ուղիղ պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին, պատասխանեց իր համակիրներու հարցումներուն, խորհուրդներ տուաւ երիտասարդ եւ սկսնակ կռփամարտիկներուն, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ քորոնաժահրի համավարակին պատճառով աշխարհի տարածքին տիրող իրավիճակին մասին:

Հարցումի մը պատասխանելով, ան ըսաւ, որ չի գիտեր թէ յետ այսու որեւէ մենամարտ պիտի ունենա՞յ, կամ՝ ոչ:

«Այնպէս կը թուի, թէ յետ այսու զիս պիտի չտեսնէք ռինկերուն վրայ», ըսաւ քառասուն տարեկան Արթուր Աբրահամ:

Գերմանիոյ մէջ բնակութիւն հաստատած հայազգի կռփամարտիկ Արթուր Աբրահամ իր արհեստավարժ ասպարէզի ընթացքին ցարդ կատարած յիսուներեք մենամարտերուն ընթացքին արձանագրած է քառասունըեօթ յաղթանակ եւ կրած՝ վեց պարտութիւն միայն:

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 19, 2020