ՆԱՀԱՆԳԱՊԵՏԷՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, Գալիֆորնիոյ նահանգապետ Կեւին Նիւսոմ արձագանգեց Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայկական եկեղեցւոյ առընթեր գործող կեդրոնի վրայ յարձակման դէպքին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, եկեղեցապատկան կեդրոնի հրկիզման կապակցութեամբ ան ընկերային ցանցերու վրայ կատարեց գրառում մը, որու մէջ նշեց.

«Այս եկեղեցւոյ մէջ այնքան հրաշալի, յուզիչ պահեր ապրած եմ։ Սրտի խոր ցաւով տեղեկացայ լուրին, բայց գիտեմ, թէ այս ֆիզիքական պատերէն ալ դուրս համայնքը կ՚ապրի ու կը շարունակէ յոյս ու հաւատք փոխանցել շատերուն»։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 19, 2020