1771 ՆՈՐ ՎԱՐԱԿԵԱԼ

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան ընկերային ցանցերու միջոցաւ հրապարակեց վերջին վիճակագրական տուեալները։ Այսպէս, Թուրքիոյ մէջ երէկ կատարուեցաւ 111 հազար 113 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 1771 նոր վարակեալ։ Նոյն ժամանակահատուածին եւս 62 հոգի զոհ գնաց համաճարակի, իսկ առողջացածներու թիւը եղաւ 1060։ Այս պահու դրութեամբ 1402 հիւանդի կացութիւնը կը գնահատուի ծանր։

Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա այս տուեալներու լոյսին տակ շեշտեց, որ ընդհանուր վարակեալներու թիւը արդէն գերազանցած է 300 հազարի շեմը։

«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, երէկ համաճարակի դէմ մղուած պայքարին շուրջ հերթական անգամ արտայայտուեցաւ նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան։ Մամլոյ ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ժամանակ ան յայտնեց, որ համաճարակի դէմ սահմանափակումները ստիպողաբար դարձեալ պիտի խստացուին։ Առողջապահութեան նախարարութիւնը եւ անոր ենթակայ Գիտական խորհուրդը այս ուղղութեամբ կը տանին անհրաժեշտ աշխատանքները։ Նախագահ Էրտողան նշեց նաեւ, որ հանրային փոխադրամիջոցներու պարագային եւ հարսանիքներու կամ զբօսավայրերու վերաբերեալ մօտեցումները ստիպողաբար փոփոխութեան պիտի ենթարկուին։

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ մէջ լրջօրէն յառաջ կը տարուին նաեւ քորոնաժահրի դէմ պատուաստանիւթ մը գտնելու ուղղեալ աշխատանքները։ Ըստ նոյն աղբիւրներուն, արդէն կան դրական ազդանշաններ։ Էրտողանն ալ այս առընչութեամբ յայտնեց, որ համապատասխան ընկերութիւններուն հետ կատարուած շփումներուն ժամանակ իրենց հասած են դրական ազդանշաններ։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 19, 2020