ՆԵՆՍԻ ՓԵԼՈԶԻԻ ԵՐԵՒԱՆ ԱՅՑԸ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Նենսի Փելոզի շաբաթավերջին շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ, ուր Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի վրայ կատարուած յարձակումներու մթնոլորտին մէջ տեղի ունեցաւ այս այցելութիւնը, որ ձեւով մը Ուաշինկթընի կողմէ Երեւանի ի նպաստ ամենաբարձր մակարդակի վրայ արտայայտուած զօրակցութեան մը դրսեւորումը կը համարուի։ Նենսի Փելոզի Երեւանի մէջ ընդունուեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ, որու հետ տարածաշրջանային անվտանգութեան առկայ գործընթացներուն վերաբերեալ արժեւորում մը կատարեց։ Նենսի Փելոզի յայտարարեց, որ ԱՄՆ պիտի շարունակէ աջակցիլ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան։

Վարչապետ Փաշինեանի հետ ունեցած հանդիպման առընթեր, Նենսի Փելոզի հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի կողմէ։ Ան յարգանքի այցելութիւն մը տուաւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը՝ ընկերակցութեամբ Ալէն Սիմոնեանի եւ խորհրդարանի փոխ-նախագահ Ռուբէն Ռուբինեանի։ Հայաստանի խորհրդարանէն ներս Փելոզի եւ Սիմոնեան սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Բաց աստի, Նենսի Փելոզի ելոյթով մը հանդէս եկաւ Երեւանի «Գաֆէսճեան» թանգարանի համալիրէն ներս։ Ի լրումն այս բոլորին, Փելոզի մէկտեղուեցաւ նաեւ Հայաստանի խորհրդարանի ընդդիմադիր խմբակցութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։

Նենսի Փելոզի Երեւանի մէջ ըսաւ. «Մեր այցը Հայաստան հզօր խորհրդանշան մըն է, թէ ԱՄՆ վճռական է ու հաստատակամ՝ խաղաղ, բարեկեցիկ եւ ժողովրդավարական Հայաստան մը ունենալու ճանապարհին»։ Ան խստօրէն դատապարտեց Հայաստանի սահմաններուն դէմ Ատրպէյճանի կողմէ գործուած մահացու յարձակումները եւ Պաքուի ընթացքը որակեց անընդունելի։ Կը հաղորդուի, որ Փելոզի Երեւանի ղեկավարութեան հետ խորհրդակցած է նաեւ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի գործընթացներուն շուրջ։

Փելոզիի Երեւանի շփումներուն զուգահեռ՝ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընն ալ կապ հաստատեց Պաքուի հետ։ Ան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Այս զրոյցին ընթացքին Պլինքըն յորդորեց հրադադարը պահպանել եւ Ատրպէյճանի զօրքերը ետ քաշել Հայաստանի սահմաններէն։

Շաբաթավերջին Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ բողոքի յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ Փելոզիի Երեւան այցելութեան դէմ։ Պաքու իր հակազդեցութեան մէջ շեշտեց, որ Փելոզիի կողմէ Երեւանի մէջ կատարուած յայտարարութիւնները կը հրահրեն տարածաշրջանէ ներս լարուածութիւնը։

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի վերջին արիւնալի դէպքերը կը շարունակեն միջազգային բեմահարթակի վրայ առաջնահերթ ուշադրութեան առարկայ դառնալ։ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել շաբաթավերջին հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Փաշինեանի եւ Ալիեւի հետ։ Ան վերահաստատեց Պրիւքսելի պատրաստակամութիւնը՝ նպաստելու համար կողմերու երկխօսութեան։ Բաց աստի, Հարաւային Կովկասի գծով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար յայտարարութիւնով մը ամփոփեց վերջին օրերուն Երեւանի եւ Պաքուի մէջ ունեցած շփումները։ Իր խօսքով՝ մտահոգիչ լուրեր կը հասնին, թէ խաղաղ բնակչութեան դէմ բռնութիւններ եւ պատերազմական յանցագործութիւններ կ՚իրականացուին. այդ բոլորը պէտք է հարցաքննուին։

Սահմանի լարուածութեան վերաբերեալ Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան վերջին օրերուն Սամարղանտի մէջ կազմակերպուած գագաթաժողովի ծիրէն ներս տեղի ունեցած քննարկումներուն մանրամասնութիւններն ալ շաբաթավերջին աստիճանաբար երեւելի դարձան միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներէն ներս։ Այսպէս, Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի հետ զրուցելու ընթացքին Իրանի նախագահ Ռայիսի յայտնած է, որ տարածաշրջանի երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ պէտք է յարգանք ցուցաբերուի եւ անոնք սեփական ձեւով պէտք է տնօրինեն իրենց ճակատագիրը։ Սամարղանտի մէջ Ալիեւն ալ Էրտողանի նկատառման յանձնած է, որ Ատրպէյճան ռազմական գործողութիւնները արդէն աւարտած է Հայաստանի հետ սահմանին վրայ։

Հայաստանի խորհրդարանի կարգ մը ընդդիմադիր երեսփոխաններ շաբաթավերջին հերթական անգամ ահազանգ հնչեցուցին երկրի առկայ ընթացքին վերաբերեալ։ Այսպէս, ըստ իրենց, կայ տպաւորութիւն, թէ Ատրպէյճան եւ Թուրքիա երաշխիքներ ստացած են իրենց պահանջներուն վերաբերեալ ու կը սպասեն անոնց կեանքի կոչման, այլապէս դարձեալ լայնածաւալ պատերազմ մը կրնայ ծագիլ։

Այցելութիւններու, հեռախօսազրոյցներու այս խտացեալ երթեւեկի պայմաններուն ներքեւ, Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքն ալ այսօր շփումներ կ՚ունենայ Երեւանի մէջ։ Ան այս այցելութեան առթիւ յայտարարեց, որ Ռուսաստան նպատակ ունի զարգացնել կապերը Հայաստանի հետ եւ լուծել տնտեսական խնդիրները։ «Այս բոլորը միայն գեղեցիկ խօսքեր չեն», յայտնեց ռուս փոխ-վարչապետը։

ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ 10 ԳԵՐԻ

Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի վրայ գործուած վերջին յարձակումներուն ծանր հետեւանքները աստիճանաբար կը պարզուին։ Կը հաղորդուի, որ վերջին բախումներուն ընթացքին մէկ տասնեակէ աւելի հայ զինուոր գերեվարուած է։

«Արմէնփրէս»ի հետ զրուցելու ընթացքին Եւրոպայի Մարդու իրաւանց ատեանի մօտ Հայաստանի ներկայացուցչութեան բանբեր Յասմիկ Սամվէլեան յայտնած է, որ պատկերը առայժմ խաբուսիկ է ու կրնայ փոխուիլ։ Միւս կողմէ, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը շաբաթավերջին տեղեկացուց, որ Ատրպէյճանի կողմէ յանձնուած է վերջին բախումներուն ընթացքին նահատակուած 32 զինուորի դին։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 19, 2022