ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԳՈՅՑԻՆ

Հայաստանի դիմագրաւած առկայ գոյաբանական մարտահրաւէրներու մթնոլորտին մէջ զանազան որոնումներ տեղի կ՚ունենան պատմութեան այս հանգոյցը յաղթահարելու համար։ Շաբաթավերջին այս ամբողջին տեսակէտէ ուշագրաւ իրադարձութիւններու մասին լուրեր հասան Երեւանէն։ Այսպէս, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի հետ։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգը եւ նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի գրասենեակը այս մասին համատեղ հաղորդագրութիւն մը հրապարակեցին։ Թէեւ շատ կարճ, մանրամասնութիւններէ հեռու հաղորդագրութիւն մըն է այս մէկը, սակայն այս իրադարձութիւնը կը համարուի չափազանց կարեւոր։ Արդարեւ, ներկայ տարեսկիզբէն ի վեր արդէն երկու տեսակցութիւն տեղի ունեցած է Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի եւ Նորին Սրբութեան միջեւ։ Առաջին հանդիպումը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ անցեալ փետրուարի 23-ին տեղի ունեցած է՝ Վեհափառ Հայրապետին եւ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի միջեւ։ Իսկ երէկուան՝ երկրորդ տեսակցութիւնը արդէն տեղի ունեցաւ նախագահ Տէր-Պետրոսեանի Երեւանի առանձնատան մէջ։

Կը հաղորդուի, որ զրոյցի ընթացքին շօշափուեցան Հայաստանի թէ՛ արտաքին անվտանգութեան եւ թէ՛ ներքին քաղաքական ծայրայեղ սրուած իրավիճակին վերաբերեալ հարցերը եւ անոնց յաղթահարման հնարաւոր եզրերը։

Մինչ երէկուան երկրորդ հանդիպման մասին արդէն պաշտօնապէս հաղորդումներ կատարուեցան, նախորդ՝ փետրուարի 23-ի հանդիպման մասին ո՛չ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աղբիւրները, ո՛չ ալ նախագահ Տէր-Պետրոսեանի գրասենեակը որեւէ հաղորդում չէին կատարած։ Փետրուարի 23-ի հանդիպման ընթացքին ալ անպաշտօն լսումներու հիման վրայ Հայաստանի զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մէջ երեւցած էին կարգ մը տուեալներ։ Այդ ժամանակ շեշտուած էր, որ 1 մարտ 2008 թուականի արիւնալի դէպքերէն ի վեր առաջին անգամ Վեհափառ Հայրապետին եւ նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի միջեւ հանդիպում մը տեղի ունեցած է։ Այս երկխօսութիւնը, անկասկած, նախախնամական նշանակութիւն կրնայ ունենալ Հայաստանի մատնուած առկայ փակուղիի յաղթահարման որոնումներուն տեսակէտէ՝ հաշուի առնելով, որ թէ՛ Վեհափառ Հայրապետը եւ թէ՛ նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան ծով փորձառութիւն ունին եւ այդ մէկը կրնան ծառայեցնել պատմական առկայ հանգոյցի յաղթահարման նպատակին։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 19, 2022