ՀԲԸՄ-Ի ՀՈՎԱՆԱՒՈՐԱԾ «ՔԵՄՓ ՆՈՒՊԱՐ»Ի 60-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) հովանաւորութեան ներքեւ կազմակերպուած, «Քեմփ Նուպար» անուանեալ ամառնային ճամբարը այս տարի կազմակերպուեցաւ 60-րդ անգամ։ Ամերիկահայ կեանքէն ներս նոր սերունդին ուղղեալ շատ կարեւոր նախաձեռնութիւն մըն է այս մէկը, որ ունի ձեւաւորուած աւանդութիւններ եւ արդիւնաւէտութեան տեսակէտէ արդէն յաղթահարած է ժամանակի փորձութիւնը։ «Քեմփ Նուպար»ի այս տարուան 60-ամեակը արտասովոր խանդավառութեան առիթ հանդիսացաւ։ Յոբելեանին առթիւ տեղի ունեցաւ մասնաւոր հանդիսութիւն մը, որուն մասնակցեցան ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Պերճ Սեդրակեան, իր ընտրեալ յաջորդը՝ Սեմ Սիմոնեան, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական վարչութեան անդամներէն Նազարէթ Ֆըստըքճեան եւ Անի Մանուկեան։ Յոբելենական շաբաթավերջի ծրագիրը խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ կեանքի կոչուեցաւ՝ մինչ ՀԲԸՄ-ի ընտանիքին անդամները զիրար շնորհաւորեցին այս հետեւողական ձեռքբերման համար։ Բոլորին մաղթանքն էր, որ այս ձեռնարկը նոյն կանոնաւորութեամբ եւ հետեւողականութեամբ գտնէ իր շարունակութիւնը։
Մինչ այդ, «Քեմփ Նուպար»ի 60-ամեակին առթիւ հոգեհանգստեան պաշտօն մըն ալ կատարուեցաւ՝ հանդիսապետութեամբ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Եպսկ. Պարսամեանի։