ԱՌԱՆՑ ՍԱՀՄԱՆԱՓԱԿՄԱՆ
Իրանի առաջին փոխ-նախագահ Էսհաղ Ճահանկիրի անցեալ շաբթուան մէջ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Երեւան, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ։ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ տեսակցեցան Ճահանկիրիի հետ, որ ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Երեւանի Կապոյտ մզկիթի հիմնադրութեան 250-ամեակի յոբելենական հանդիսութիւններուն։ Աբրահամեանի եւ Ճահանկիրիի մասնակցութեամբ Հայաստան-Իրան գործարար ֆորում մըն ալ տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ եւ այս առթիւ առաջնահերթօրէն ուշադրութիւն կեդրոնացուեցաւ ուժանիւթի բնագաւառէն ներս երկկողմանի համագործակցութեան վրայ։
Էսհաղ Ճահանկիրիի հետ տեսակցելու ընթացքին Սերժ Սարգսեան ընդգծեց, թէ Հայաստանի մէջ առիթները երբեք զանց չեն առնուիր խօսելու համար բարեկամ Իրանի հետ դարերու ընթացքին ձեւաւորուած ջերմ յարաբերութիւններուն մասին, որոնք կենսական նշանակութիւն ունին Հայաստանի համար ու պայմանաւորուած են թէ՛ պատմամշակութային ընդհանրութիւններով եւ թէ փոխադարձ տնտեսական շահերով, ինչպէս նաեւ աշխարհաքաղաքական դիրքի առանձնայատկութիւններով, տարածքաշրջանային շարք մը խնդիրներու նկատմամբ ընդհանուր մօտեցումներով։ Սար-գըսեանի համոզմամբ, եկած է ժամանակը՝ երկկողմանի օրակարգը ընդլայնելու եւ յարաբերութիւններու մակարդակը աստիճան մը եւս բարձրացնելու։ Ան կարեւորեց Ճահանկիրիի շփումներուն շրջագծով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները եւ ըսաւ, թէ այդ արդիւնքները կրնան նոր փուլի մը սկիզբը դնել երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ։
Իր կարգին, Ճահանկիրի ընդգծեց, թէ Հայաստան, որպէս բարեկամ եւ հարեւան երկիր, Թեհրանի արտաքին քաղաքականութեան մէջ ունի իր ուրոյն տեղը։ «Հայաստան եղած է մեր դժուարին ժամանակներու բարեկամը ու կը շարունակէ մնալ բարեկամ, որու հետ Իրան պատրաստակամ է զարգացնելու առանց որեւէ սահմանափակման յարաբերութիւններ», ըսաւ Ճահանկիրի եւ աւելցուց, թէ յատկապէս կը կարեւորեն առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու աշխուժացումը։
Զրոյցի տեւողութեան շօշափուեցան ուժանիւթի եւ փոխադրութեան բնագաւառներէն ներս նախատեսուած խոշոր ծրագրերու իրականացման ընթացքը եւ փոխշահաւէտ այլ բնագաւառներէ ներս նոր նախաձեռնութիւններու իրականացման հեռանկարները՝ նկատի առնելով Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան անդամ Հայաստանի հետ տնտեսական համագործակցութեան աւելի լայն հնարաւորութիւնները։ Զրուցակիցները անդրադարձան նաեւ տարածքաշրջանային խնդիրներուն եւ մարտահրաւէրներուն, կանգ առին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին վրայ՝ կարեւորելով անոր խա-ղաղ կարգաւորումը։ Կարծիքներ փոխանակուեցան Մերձաւոր Արեւելքի ու մանաւանդ Սուրիոյ զարգացումներուն շուրջ։ Սարգսեան ընդգծեց ծայրայեղականութեան դէմ պայքարի մէջ ջանքերու համախմբման անհրաժեշտութիւնը։ Ան նշեց, որ Հայաստան պատրաստ է իր համեստ ներդրումը ունենալ այս գծով՝ խորապէս շահագրգռուած ըլլալով տարածքաշրջանի կայունութեամբ եւ անվտանգութեամբ։