ԴՐԱԿԱՆ ԱՐԴԻՒՆՔ
Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլ երէկ այցելութիւն մը տուաւ Թուրքիա, ուր հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Իսթանպուլի մէջ ան տեսակցեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի եւ Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուի հետ։ Էրտողան Եըլտըզի պալատի համալիրէն ներս տեսակցեցաւ Գերմանիոյ շանսէօլիէին հետ, իսկ Տավուտօղլու՝ վարչապետարանի Տոլմապահչէի գրասենեակի համալիրէն ներս։ Ծանօթ է, որ միջազգային հաւասարակշռութիւններուն տեսակէտէ բարդ իրավիճակի մը մէջ տեղի ունեցաւ Անկելա Մերքէլի Թուրքիա այցելութիւնը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ըստ էութեան, բանակցութիւնները ունեցան դրական արդիւնք։ Թէ՛ երկկողմանի յարաբերութիւններուն, թէ՛ Թուրքիա-Եւրոմիութիւն կապերուն եւ թէ գաղթականաց ճգնաժամին տեսանկիւնէն փոխադարձ ըմբռնումի մը հասած ըլլալ կը թուին կողմերը։ Ընդհանուր համաձայնութեան մը մթնոլորտին մէջ, առանցքային շարք մը խնդիրներու կապակցութեամբ պայմանաւորուածութիւն գոյացաւ Թուրքիոյ եւ Գերմանիոյ ղեկավարութեանց միջեւ։ Մերքէլ Իսթանպուլի մէջ յայտարարեց, որ Թուրքիա եւ Գերմանիա ունին հասարակաց շահեր ու կողմնակից չեն ապակայունութեան։ Գերմանիա նախ եւ առաջ կը ձգտի կայուն Թուրքիոյ ձեւաւորման։
Անկելա Մերքէլի երէկուան շփումներուն ընթացքին ըմբռնում գոյացաւ, որպէսզի Սուրիայէն արտագաղթածներու պարագային առկայ բեռը բաժնուի։ Ան աջակցութիւն խոստացաւ, որպէսզի Թուրքիա-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններուն շրջագծով նոր գլուխներու շուրջ բանակցութիւններ սկսին եւ Թուրքիոյ քաղաքացիները կարենան ազատ շրջագայիլ Եւրոպայի մէջ։ Զինուորական գետնի վրայ ալ կը նախատեսուին սերտ յարաբերութիւններ։
Հաւանական է, որ Եւրոմիութիւնը գաղթականաց հարցերու դիմագրաւման համար յառաջիկայ շրջանին 3 միլիառ եւրօ փոխանցէ Թուրքիոյ, սակայն առ այժմ վերջնականօրէն ճշդուած չէ, թէ ի՛նչ միջոցներէ պիտի տրամադրուի այդ գումարը։