ԹՐՔԱԿԱՆ ՌԱԶՄԱՕԴԱՅԻՆ ՈՒԺԵՐԸ ՊԻՏԻ ՄԱՍՆԱԿՑԻՆ ՄՈՒՍՈՒԼԻ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ

Մու­սու­լը «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» (Ի­ՇԻՊ) ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րու­մէն ա­զա­տագ­րե­լու հա­մար ձեռ­նար­կուած մի­ջազ­գա­յին լայ­նա­ծա­ւալ գոր­ծո­ղու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կուի։ Ըստ վեր­ջին լու­րե­րուն, Ի­րա­քի բա­նա­կը ար­դէն 10 քի­լօ­մեթր հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ կը գտնուի քա­ղա­քի կեդ­րո­նէն։ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա յայտ­նեց, որ սա պի­տի ըլ­լայ բարդ գործ մը, սա­կայն չի կաս­կա­ծիր ար­դիւն­քի յա­ջո­ղու­թե­նէն։

Թուր­քիան ալ այս գոր­ծո­ղու­թեան շրջագ­ծով հան­դէս կու գայ ազ­դու ձե­ւով։ Ազ­գա­յին պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Ֆիք­րի Ը­շըք ե­րէկ յայտ­նեց, որ մի­ջազ­գա­յին հա­մա­խո­հու­թեան հետ հա­մա­ձայ­նու­թիւն գո­յա­ցած է՝ որ­պէս­զի թրքա­կան ռազ­մաօ­դա­յին ու­ժե­րը մաս­նակ­ցին Մու­սու­լի ա­զա­տագր­ման գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն։ Հաս­տա­տե­լով այս լու­րը՝ Վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմն ալ ընդգ­ծեց, որ Թուր­քիա կա­տա­րուած ի­րո­ղու­թիւն­նե­րու թոյլ չի տար իր սահ­ման­նե­րուն վրայ։

Իր կար­գին, Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լուն ալ տե­ղե­կա­ցուց, որ շա­բա­թա­վեր­ջին Ի­րա­քէն պա­տուի­րա­կու­թիւն մը պի­տի այ­ցե­լէ Թուր­քիա։ Թէ՛ Ան­գա­րա եւ թէ Պաղ­տատ կողմ­նա­կից են՝ Պա­շի­քա­յի թրքա­կան ռազ­մա­խա­րիս­խին շուրջ ծա­գած խըն-դիր­նե­րուն լու­ծում մը գտնել՝ երկ­խօ­սու­թեան մի­ջո­ցաւ։

Միւս կող­մէ, այս Ուր­բաթ Թուր­քիա պի­տի այ­ցե­լէ ԱՄՆ-ի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Էշ­թըն Քար­թըր՝ քննար­կե­լու հա­մար տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին անվ­տան­գու­թեան վե­րա­բե­րեալ հար­ցե­ր։

Քար­թը­րի ժա­ման­ման ըն­դա­ռաջ, Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան ե­րէկ հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը ու­նե­ցաւ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի հետ՝ քննար­կա­լով Մու­սու­լի գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն ըն­թացքն ու Սու­րիոյ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 19, 2016